ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆՑ ՕՐԻՆԱԳԻԾԻ ԲԱՆԱՁԵՒՄԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԿԱԶՄՈՒԹԵԱՆ ՀՐԱՄԱՆԱԳԻՐ ՄԸ ՀՐԱՊԱՐԱԿԵՑ

Ատել Սաֆար

Սուրիոյ վարչապետ Ատել Սաֆար Սուրիոյ մէջ կուսակցութեանց օրինագիծի բանաձեւման «փորձառու եւ ատակ» անձնաւորութիւններէ կազմուած յանձնախումբի մը կազմութեան հրամանագիր մը հրապարակեց:

Ըստ հրամանագիրին, օրինագիծը պէտք է «Սուրիոյ մէջ քաղաքական եւ ազգային կուսակցութեանց հիմնադրութեան կազմակերպման տեսլականը, սկզբունքներն ու մեքանիզմները բովանդակէ»:

Սուրիական «Սանա» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ վարչապետ Սաֆար յանձնախումբէն պահանջած է ըստ իր հայեցողութեան փորձառու եւ մասնագէտ անձերու դիմել եւ իր աշխատանքներուն եզրակացութիւնը վարչապետին ներկայացնել հրամանագիրի հրապարակումէն առաւելագոյնը մէկ ամիս ետք, որպէսզի օրինագիծը իր նախնական ձեւին մէջ ներկայացուի հրապարակային քննարկման եւ անոր շուրջ նկատողութիւնները արձանագրուին, որպէսզի անոր պարունակութիւնը հարստանայ ու իր վերջնական ձեւը ստանալով ներկայացուի նախարարաց խորհուրդին, որպէսզի վերջինս անոր շուրջ անհրաժեշտ որոշումը տայ:

Միւս կողմէ, իսրայէլեան ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Աւիկտոր Լիպըրման ՄԱԿ-ի մօտ Իսրայէլի պատուիրակութեան ցուցմունք տուած է «սահմանամերձ շրջանին մէջ իսրայէլեան գերիշխանութիւնը բռնաբարելու իր փորձին մէջ ցուցարարները օգտագործելուն համար» Սուրիոյ դէմ բողոք ներկայացնելու: Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ «անզէն քաղաքայիններուն դէմ Իսրայէլի կատարած բռնարարքը պետական ահաբեկչութիւն է»: Հաղորդագրութիւնը նաեւ նշեց, որ «այս բռնարարքը կու գայ հաստատելու պետական ահաբեկչութիւնը, զոր Իսրայէլ կը կիրարկէ»:

Share this Article
CATEGORIES