ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Ներկայացնող Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Հրաժարեալ Վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի

Երկրի զանազան վարիչներուն հետ իր շփումներուն ծիրին մէջ, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւն մը երէկ առաւօտ այցելեց հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի:

Պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին ընկերներ Յակոբ Խաչերեան, Սեպուհ Յովնանեան, Աւետիս Կիտանեան եւ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Միքաթիի հետ քննեց երկրի ընդհանուր իրավիճակը` քաղաքական եւ ապահովական վերջին իրադարձութեանց լոյսին տակ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )