Եւրոպահայութեան Երրորդ Համագումարին Ընդառաջ

14-15 հոկտեմբեր 2013-ին, ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակին կազմակերպութեամբ, պիտի գումարուի եւրոպահայութեան երրորդ համագումարը: Այս համագումարը Եւրոպայի մէջ գործող Հայ դատի յանձնախումբերուն եւ հայկական այլ կազմակերպութիւններուն կողքին, Հայաստանէն, Արցախէն, Եւրոպայէն, Միացեալ Նահանգներէն եւ այլ շրջաններէ հասարակական գործիչներ, գիտնականներ եւ քաղաքագէտներ պիտի համատեղէ Պրիւքսէլի մէջ:

Ողջոյնի խօսքերով ելոյթ պիտի ունենան Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի (Արցախի) հանրապետութիւններու բարձրագոյն մակարդակի քաղաքական ներկայացուցիչներ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս, Եւրոպական խորհրդարանին մէջ Եւրոպական Միութիւն – Հայաստան բարեկամութեան խումբի նախագահը, համագումարը հովանաւորող Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան նախագահը եւ այլ պաշտօնական անձեր:

Առաջին նիստը երկուշաբթի, 14 հոկտեմբերին, պիտի գումարուի Պրիւքսէլի Հայ տան սրահին մէջ ու պիտի կեդրոնանայ Եւրոպայի տարածքին բնակող հայութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն վրայ, որոնք պիտի արծարծուին եւրոպահայ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն կողմէ: Ինքնութեան, մշակոյթի եւ լեզուի հարցերու կողքին, պիտի քննարկուին նաեւ քաղաքական հարցեր, ինչպիսին են` դէմ դնել Եւրոպայի մէջ թուրքեւազրպէյճանական միացեալ ճակատին, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած քաղաքական ձեռնարկներ, Ցեղասպանութիւններու ժխտման եւ ուրացման քրէականացում, միջազգային ճանաչում Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան:

Այս առաջին մասին պատգամաբերները պիտի ըլլան զանազան ներկայացուցիչներ արեւելեան եւ արեւմտեան Եւրոպայէն, ինչպէս նաեւ Հայաստանէն: Աշխատանքային լեզուն պիտի ըլլայ հայերէնը: Հայերէնի դժուարութիւն ունեցողներուն պիտի օժանդակենք անգլերէն թարգմանութեամբ:

Յաջորդ օրուան` 15 հոկտեմբերի նիստը Եւրոպական խորհրդարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ` կրելով խորհրդարանի մեծագոյն քաղաքական խումբի` Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան հովանաւորութիւնը: Առաջին օրակարգին նիւթը պիտի ըլլայ «Ցեղասպանութիւն եւ միջազգային օրէնք»-ը, որուն ընթացքին պիտի քննարկուին Եւրոպական Միութեան կողմէ ցեղասպանութեանց ուրացման եւ կանխարգիլման հարցերը, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ պատասխանատուութեան եւ անոր հետեւանքներուն հարցերը: Երկրորդ օրակարգին ընթացքին պիտի քննարկուին եւ որոնուին «Հարաւային Կովկասի համար նոր հեռանկարներ», որուն ընթացքին շրջանին զարգացման, խաղաղութեան, Եւրոպական Միութիւն – Հայաստան մերձեցման եւ Արցախի հիմնահարցի լուծման նիւթերը պիտի արծարծուին:

Համագումարին պիտի մասնակցին Եւրոպական Միութեան բարձր մակարդակի աշխատակիցներ, Եւրոպական խորհրդարանի քաղաքական խումբերու ներկայացուցիչներ, Եւրոպական խորհրդարանի անդամներ, խորհրդարանական պատուիրակութիւններու եւ կուսակցութիւններու անդամներ, ղեկավարներ` քաղաքական մարզի բոլոր խաւերէն, թէ՛ Եւրոպական Միութենէն եւ թէ՛ Հայաստանէն: Աշխատանքային լեզուն պիտի ըլլայ հայերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն եւ գերմաներէն:

Այս օրերուն, երբ Եւրոպական Միութիւն – Հայաստանի Հանրապետութիւն յարաբերութիւնները աւելի քան երբեք ջերմ են, ինչպէս նաեւ երկուստեք բարձրագոյն մակարդակի այցելութիւններ տեղի կ՛ունենան, եւ Հայաստանի համարկումը եւրոպական արժէքներու աւելի մօտ է, քան երբեք, եւրոպահայութեան երրորդ համագումարը իր ներդրումը պիտի ունենայ այս յարաբերութեանց ա՛լ աւելի ամրապնդման` ցոյց տալով, որ մեր ազգային հիմնախնդիրներուն կողքին, Եւրոպայի ծագումով հայ քաղաքացին անմասն չի մնար Եւրոպական Միութեան քաղաքական հոլովոյթէն եւ Հայաստանի դէպի Եւրոպական Միութիւն արեւելումէն:

Համագումարին արձանագրուելու համար, այցելել` http://www.eafjd.eu/registration կայքը: Արձանագրութիւնները պէտք է կատարուին մինչեւ 27 սեպտեմբեր, որպէսզի կարելի ըլլայ ապահովել պէտք եղած մուտքի արտօնագիրը Եւրոպական խորհրդարան:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )