«Օգնի՛ր Եղբօրդ» Հիմնադրամի Անդամները Այցելեցին Արցախ
«Օգնիր եղբօրդ» բարեգործական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ Խաչիկ Ճոզիկեան եւ տնօրէն Վահան Վարդանեան 15-էն 17 օգոստոսին կը գտնուէին Լեռնային Ղարաբաղ Հանրապետութիւն, ուր տեղի ունեցան հանդիպումներ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեանի եւ փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեանի հետ:
Քննարկուեցան սուրիահայ ընտանիքներու հետագայ բնակեցման, հիմնադրամի կողմէ արդէն բնակեցուած շարք մը սուրիահայ ընտանիքներուն հետագայ օժանդակութիւններ տրամադրելու եւ անոնց խնդիրներուն առնչուող հարցեր:
Տեղի ունեցաւ հանդիպում մը Մարտակերտի Վանք գիւղի գիւղապետին եւ հիւանդանոցի տնօրէնին հետ: Ձեռք բերուեցան համաձայնութիւններ` հետագայ օժանդակութիւններու եւ ծրագիրներու մասին: Հիմնադրամը յանձնեց պարենային օգնութիւն եւ դեղորայք:
Հիմնադրամը Քաշաթաղի շրջանային բժշկական միաւորման յանձնեց Գերմանիոյ Հեսսեն երկրամասին մէջ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Պրայըն Սթիվըն Ֆերայի կողմէ իբրեւ նուիրատուութիւն ստացուած գերձայնային սքենի սարքը, որ շատ օգտակար պիտի ըլլայ ոչ միայն Կովսականի մէջ բնակող սուրիահայ ընտանիքներուն, այլեւ ամբողջ շրջանի բնակչութեան համար:
Քաշաթաղի շրջանային բժշկական միաւորումը եւ «Օգնի՛ր եղբօրդ» հիմնադրամը շնորհակալութիւն յայտնեցին Ֆերային այսպիսի մեծ օգնութեան համար:

