Հայ Դատի Յանձնախումբը Քոնկրեսականներուն Կը Ներկայացնէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու Անհրաժեշտութիւնը

Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի Հայ դատի յանձնախումբը կը շարունակէ իր աշխուժ աշխատանքը Քոնկրեսին մէջ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող 227-րդ բանաձեւի ընդունման ուղղութեամբ:

Վկայակոչելով «Ասպարէզ» օրաթերթը` «Արմենփրես» հաղորդեց, որ սեպտեմբերին Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի աշխատանքներուն վերսկսումէն առաջ, Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործիչները արդէն իսկ հանդիպումներ կ՛ունենան իրենց ներկայացուցիչներուն եւ ծերակուտականներուն հետ` ձգտելով բարձրացնել «Հայոց ցեղասպանութեան ճշմարտութեան եւ արդարութեան մասին» բանաձեւին սատարող պաշտօնեաներուն թիւը Ծերակոյտին եւ Ներկայացուցիչներու տան մէջ:

«Նոյնիսկ եթէ քոնկրեսականը չի ցանկար շտապել մեր հարցերուն գծով, մենք զինք տեղեակ կը պահենք, որ ընտրողները անհանգստացած են արդարութեան հաստատման հարցով», նշեց Հայ դատի գործիչներէն Էնտրիւ Գզիրեան:

13 օգոստոսին Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Միշել Յակոբեան հանդիպում ունեցաւ Նիւ Ճըրզիէն ընտրուած հանրապետական Ճոն Ռանիանի հետ: Իսկ 14 օգոստոսին հայ գործիչները հանդիպում ունեցան քոնկրեսական Փաթրիք Միհանի հետ եւ քննարկեցին Հայոց ցեղասպանութեան, Լեռնային Ղարաբաղի ինքնորոշման եւ Հայաստանի դէմ ուղղուած ազրպէյճանական նախայարձակումին վերաբերող հարցեր:

Միսուրիի Հայ դատի յանձնախումբի նորաբաց գրասենեակը նոյնպէս իր ներդրումը ունեցած է` համագործակցական կապեր հաստատելով Ներկայացուցիչներու տան անդամէն Վակների հետ:

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը ներկայիս արձակուրդի մէջ է եւ աշխատանքը պիտի վերսկսի 9 սեպտեմբերին:

Հայ դատի յանձնախումբը կը նախատեսէ մինչեւ արձակուրդի աւարտը հանդիպումներ կազմակերպել նաեւ Միացեալ Նահանգներու ծերակուտականներուն հետ:

«Հայոց ցեղասպանութեան ճշմարտութեան եւ արդարութեան մասին» բանաձեւին աջակցող պաշտօնեաներուն միացած են արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի բարձրաստիճան անդամ Էլիոթ Էնկըլ, յատկացումներու յանձնախումբի անդամ Նիթա Լուի, պիւտճէի հարցերով ենթայանձնախումբի անդամ Քրիս Վան Հոուլի եւ ուժանիւթի եւ առեւտուրի յանձնախումբի անդամ Հենրի Ուաքսման: Բանաձեւին սատարող քոնկրեսականներու շարքին են Միացեալ Նահանգներու բարձրաստիճան պաշտօնատարներ Էլիոթ Էնկըլ, Սքոթ Կարեթ, Ռաշ Հոլթ, Սթիւ Իզրայէլ, Նիթա Լոուի, Կրէյս Նափոլիթանա, Տեւին Նիունես, Էլիոս Շուարց, Պրետ Շըրմըն, Քրիս Վան Հոուլեն, Հենրի Ուաքսման, Ճոն Թիեռնի, Ճենիս Չայկովսքի:

Այդ բանաձեւը մայիս 2013-ին Ներկայացուցիչներու տուն ներկայացուցած են քոնկրեսականներ Տէյվիտ Վալատօ (հանրապետական` ընտրուած Քալիֆորնիայէն), Էտըմ Շիֆ (դեմոկրատական` ընտրուած Քալիֆորնիայէն), Մայքլ Կրիմ (հանրապետական` ընտրուած Նիւ Եորքէն) եւ Ֆրանք Փալոն (դեմոկրատական` ընտրուած Նիւ Ճըրզիէն):

Բանաձեւին մէջ կոչ կ՛ուղղուի նախագահ Պարաք Օպամային Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող արձանագրութիւնը կազմել: Կը նշուի, որ հայ-թրքական յարաբերութիւններու բարելաւման առանցքին մէջ պէտք է ըլլան Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ անոր հետեւանքներուն հատուցումը, միջազգային մակարդակով ոճիրին արդարացի եւ համապարփակ լուծում տալը:

 

Share this Article
CATEGORIES