«Թուրքիա Մէկ Ընելիք Ունի Լեռնային Ղարաբաղի Հարցին Մէջ` Ատիկա Չխառնուիլն Է» Կ՛ըսէ Կիրօ Մանոյեան

Պատասխանելով «Առաւօտ»-ի այն հարցումին, թէ ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէ Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլի` Կապալայի մէջ կատարած այն յայտարարութիւնը, թէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը պէտք է լուծուի ամէնէն կարճ ժամկէտին ընթացքին եւ որ ինք կը ցանկայ թրքալեզու պետութիւններու համագործակցութեան խորհուրդի վեհաժողովը ապագային Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կատարել, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան ըսաւ. «Նախագահ Կիւլի` Ղարաբաղ այցելելու եւ թրքալեզու պետութիւններու վեհաժողովը այնտեղ կատարելու ցանկութեան պէտք է նայիլ հետեւեալ տեսանկիւնէն. Կիւլ կը ցանկայ, որ թրքալեզու պետութիւնները այնքան հասունութիւն պիտի ունենան եւ բոլոր դրացիներուն հետ լաւ յարաբերութիւններ պիտի ունենան` ի շարս այլ դրացիներու եւ պիտի սկսին թրքալեզու պետութիւններու վեհաժողովը նաեւ այլ պետութիւններու մէջ կատարել եւ կրնայ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղ այցելել եւ այդտեղ վեհաժողով կայացնել: Այլապէս, եթէ այլ բան նկատի ունի, Կիւլի ըսածը ծիծաղելի է»:

Մանոյեան իբրեւ սպառնալիք չի նկատեր Կիւլի այն յայտարարութիւնը, թէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը պէտք է լուծուի ամէնէն կարճ ժամկէտի մէջ, այլ իբրեւ ցանկութիւն: Ըստ ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատուին` Ազրպէյճանի մէջ Կիւլ այդ երկրի հիւրերուն նկատմամբ որոշ պարտաւորութիւն զգացած է եւ կատարած է վերոնշեալ յայտարարութիւնը: Մանոյեան նշեց, պաշտօնական Երեւանը ասոր պատասխանը տուած է. Թուրքիա միայն մէկ ընելիք ունի Լեռնային Ղարաբաղի գծով, ատիկա չխառնուիլն է, իսկ մնացեալը արդէն զուտ վնաս է:

Կիւլին` Լեռնային Ղարաբաղ գալու ցանկութեան մասին Կիրօ Մանոյեան նշեց, որ կ՛ուզէ գալ, թող գայ, այդ պարագային Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւնները պիտի ընդունին զինք: «Կը կարծեմ, որ մէկ անգամէն Կիւլի օդանաւը պիտի իջնէ Ստեփանակերտի օդակայան եւ այդ ձեւով Կիւլը երկու հարց միեւնոյն ժամանակ պիտի լուծէ»:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )