ԱԿՆԱՐԿ. ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՄՐՑԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի մէջ իր դիւանագիտական առաքելութեան աւարտի շեմին` Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մարի Եովանովիչ անդրադարձած է մեր երկրի ներքաղաքական զարգացումներուն: Օտարերկրեայ ոեւէ դեսպանի կամ բարձրաստիճան դիւանագէտի համար օրինաչափ երեւոյթ չէ իր պաշտօնավարած երկրին ներքին քաղաքական իրադարձութիւններուն մասին հաստատումներ կատարելը, հրապարակային գնահատականներ տալը: Սակայն Միացեալ Նահանգներու դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնները հակառակ պահուածքը տակաւ կը դարձնեն օրինաչափ: Երեւոյթը չի վերաբերիր միայն Երեւանի մէջ պաշտօնավարող ամերիկացի դիւանագէտներուն:

Այժմ, նշենք  Միացեալ Նահանգներու դեսպանին կատարած գնահատականին ամփոփ կէտերը.

ա.- Ողջունելի են Հայաստանի ներքաղաքական ոլորտին մէջ արձանագրուող վերջին զարգացումները:

բ.- Կարեւոր է, որ ընդդիմութիւն-իշխանութիւն երկխօսութիւնը ըլլայ թափանցիկ եւ կառուցողական:

գ.- Ողջունելի է 1 մարտի դէպքերուն հետաքննութեան վերսկսումը: Նաեւ` այդ հարցով բանտարկուած մարդոց ազատ արձակումը:

դ.- Հանրահաւաքներ տեղի կ՛ունենան բոլոր երկիրներուն մէջ. նաեւ` Միացեալ Նահանգներու: Կարեւոր է, որ իրաւապահ մարմինները կարենան ապահովել թէ՛ ցուցարարներուն եւ թէ՛ շրջապատը գտնուող մարդոց անվտանգութիւնը:

Դեսպանի կատարած գնահատականին եւ յատկապէս ՀԱՔ-ի պահանջներուն միջեւ կայ գաղափարներու յստակ համատեղելիութիւն եւ փոխլրացում: Այսպէ՛ս. ՀԱՔ-ի առաջնորդը խօսելով իշխանութիւն-ընդդիմութիւն ծայր առած բաց եւ անուղղակի երկխօսութեան մասին, կ՛աճապարարէր յայտարարելու համար, որ «սա մեր երազած պետութիւնն է»: Բանաձեւելով պահանջները` կ՛ընդգծէր հանրահաւաքներու համար «Ազատութիւն» հրապարակին վերատրամադրելիութիւնը, քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակումը եւ 1 մարտի դէպքերու հետաքննութեան վերսկսման պաշտօնական հաւաստիացումը: Իսկ վերջին հանրահաւաքին դրական գնահատելով սկսուած գործընթացը` Հայաստանի առաջին նախագահը երկխօսութեան առիթը կը նկատէր աշխարհին իբրեւ քաղաքակիրթ ժողովուրդ ներկայանալու ամէնէն լաւ միջոցը:

Դիպաշարին հետեւողին մօտ կը ձեւաւորուի այն տրամաբանութիւնը, որ կա՛մ ՀԱՔ-ն է, որ կը կատարէ Միացեալ Նահանգներու դեսպանին պատուէրը, կա՛մ ալ ամերիկացի դիւանագէտը տէր կը կանգնի ՀԱՔ-ի պահանջներուն եւ կ՛ուզէ հովանաւորել սկսուած երկխօսութեան գործընթացը:

Հարցը անշուշտ միայն ՀԱՔ-ին չի վերաբերիր: Այստեղ իշխանութիւնը եթէ մասնակից չդառնայ ներքաղաքական խաղին, նման գործընթաց չ՛արձանագրուիր: Ամերիկացի դիւանագէտին կատարած յայտարարութիւններուն հետեւելով կը ստացուի այն տպաւորութիւնը, որ խաղին մրցավարութիւնը ստանձնած է դեսպանը, որ միաժամանակ կանոն կը թելադրէ, խաղը կը վարէ եւ ընթացքին` մեկնաբանութիւններ կը կատարէ: Ի հարկէ, որոշ զգուշաւորութիւններով: «Քաղբանտարկեալ» եզրը առանց օգտագործելու. փոխարէնը` «1 մարտի դէպքերուն առիթով կալանաւորուածներ»ու ազատ արձակումին մասին խօսելով:

Այս բոլորը կը կատարուին այնպիսի ժամանակահատուածի մէջ, երբ Տովիլէն-Քազան գիծին վրայ ճնշումները կը բազմանան բեկումնային կէտ արձանագրելու համար արցախեան բանակցութիւններուն: Այս բոլորով հանդերձ եւ հակառակ ամերիկեան աշխուժ մրցավարութեան` առաջադրուած ներքին երկխօսութեան եւ արտաքին բեկումնայնութեան արդիւնաւէտութիւնը կրնայ խիստ թէական ըլլալ:

«Ա.»

Share this Article
CATEGORIES