ԴՈԿՏ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՍԱՄՈՒԷԼԵԱՆԻ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ ԿԱՏԱՐԱԾ ՅԱՋՈՂ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ
Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան փոխկառավարիչ դոկտ. Յարութիւն Սամուէլեան անցեալ ամսուան ընթացքին Միացեալ Նահանգներու մէջ մասնակցեցաւ «Պրեթըն Վուտզ» յանձնախումբի (որուն լիիրաւ անդամներէն է) տարեկան ժողովին: Ժողովին ընթացքին քննարկուեցան համաշխարհային դրամատնային դրութեան սպառնացող մարտահրաւէրները:
Կեդրոնական դրամատան փոխկառավարիչը Շիքակոյի համալսարանին մէջ դասախօսեց տնտեսական ձիւնհալին եւ Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան դերակատարութեան մասին:
Միւս կողմէ, դոկտ. Յ. Սամուէլեան Լիբանանի դրամատնային համակարգին մասին խօսեցաւ Շիքակոյի մէջ Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական դրամատան եւ Շիքակոյի համաշխարհային հարցերու խորհուրդի պատասխանատուներուն:
Դոկտ. Յարութիւն Սամուէլեան հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ Շիքակոյի առեւտրականներու միութեան եւ գործարարներու խորհուրդի գործադիր պատասխանատուներուն հետ:
Բոլոր հանդիպումները յաջողութիւն արձանագրեցին Լիբանանի դրամատնային մարզին ու անոր աշխատանքներուն մասին յստակ պատկեր եւ դրական տեղեկութիւններ ներկայացնելու առումով:

