ԺՈՄՊԼԱԹ. «ՍՈՒՐԻՈՅ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆԸ Կ՛ԵՆԹԱԴՐԷ ԱՆՈՐ ԴԻՄԱԳՐԱՒԱԾ ՏԱԳՆԱՊԻՆ ԼՈՒԾՈՒՄ ՄԱՂԹԵԼ»

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ «Անպա» օրաթերթին մէջ հրապարակած այս շաբթուան իր յօդուածին մէջ նշեց, որ Կոլանի բարձունքներուն մէջ պատահածը ցոյց կու տայ, որ արաբեւիսրայէլեան  տագնապը տակաւին վերջ չէ գտած եւ այս պատճառով ալ Սուրիա աւելի հզօր եւ ամուր պէտք է ըլլայ իսրայէլեան ծրագիրին դէմ իր մղած պայքարին մէջ:

Ժոմպլաթ շեշտեց, որ իսրայէլեան այդ ծրագիրը կը միտի Սուրիան եւ արաբական աշխարհը ընկղմել համայնքային եւ յարանուանական տագնապներու մէջ:

Ժոմպլաթ շեշտեց, որ Սուրիոյ եւ անոր ապահովական կայունութեան նկատմամբ յանձնառութիւնը կ՛ենթադրէ մաղթել, որ անոր դիմագրաւած ներկայ տագնապը շրջանցուի եւ Սուրիա դուրս գայ այդ տագնապէն` մուտք գործելով բարեկարգումի եւ ազատութիւններու հանգրուան:

Միւս կողմէ, Ժոմպլաթ նկատել տուաւ, որ Տարաայի մէջ արձանագրուած խուլիկանութիւններուն պատասխանատուները հաշուետուութեան կանչելու նախաձեռնութիւնը կը նպաստէ պետութեան եւ քաղաքացիին միջեւ վստահութեան վերահաստատումին:

Երէկ երեկոյեան «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին Ժոմպլաթ յայտնեց, որ քաղաքական իր ուղեգիծը ճշդած է եւ նոր անկիւնադարձներ պիտի չկատարէ:

Ժոմպլաթ շեշտեց, որ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը պատասխանատու են կառավարութեան կազմութեան. ան դիտել տուաւ, որ գործավար վարչապետ Սաատ Հարիրի պէտք է իր ղեկավարած ընթացիկ գործերու կառավարութեան պարտականութիւնները կատարէ:

Ժոմպլաթ ընդգծեց, որ ինք խորհրդարանի լիագումար նիստին պիտի մասնակցի, եթէ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչի պաշտօնավարման նստաշրջանի երկարաձգումը ըլլայ նիստին միակ օրակարգը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES