ԱՐԻՏԻ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱԼԵՆ ԱՈՒՆԸ ԵՒ ՖԱՏԻ ՀԱՊԸՐԸ

Ալեն Աուն եւ նախարար Արիտի

Հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու գործավար նախարար Ղազի Արիտի երէկ ընդունեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Ալեն Աունը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, յատկապէս ինչ կը վերաբերի Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան հարցին եւ Պաապտայի ու Մեթնի բարգաւաճման ծրագիրներուն:

Հանդիպումին ընթացքին Ա. Աուն շեշտեց, որ պէտք է անպայման կառավարութիւնը կազմել` աւելցնելով, որ կառավարութեան կազմութիւնը նախատեսուած է յառաջիկայ քանի մը օրերուն ընթացքին:

Ալեն Աուն շեշտեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի մօտ կը գտնուի նախարարութիւններուն եւ զանոնք ստանձնող նախարարներու անուններուն վերաբերող յատուկ ծրագիր մը, «իսկ եթէ կառավարութեան կազմութեան իսկական կամք գոյութիւն ունի, ապա վարչապետը երեսփոխանական պլոքներուն հետ կրնայ քննարկել անուններուն վերաբերող մանրամասնութիւնները», ըսաւ Ալեն Աուն` աւելցնելով, որ կառավարութեան կազմութեան յայտարարութեան ուշացումը ոչ մէկ պատճառաբանութիւն ունի:

Նշենք, որ Արիտի ընդունեց նաեւ երեսփոխան Ֆատի Հապըրը, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Ալէյի կարիքները:

Share this Article
CATEGORIES