ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան փոխնախագահ Տորէյտ Եաղի յայտնեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի չափաւորական անձնաւորութիւն մըն է, որ այս հանգրուանը կրնայ շրջանցել խորհրդարանական մեծամասնութեան կողմէ ընդունուած կառավարութեան մը կազմութեամբ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Նաժի Ղարիոս շեշտեց, որ եթէ Նեժիպ Միքաթին վարչապետ նշանակելու առումով իրենք համաձայն գտնուած են, այդ մէկը չի նշանակեր, թէ իրենց կարծիքն ու իրաւունքները «գերեվարուած» են:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Մաարիվ» օրաթերթին համաձայն, քաղաքական առումով իրարանցում եւ տագնապալի օրեր ապրող Լիբանանը յաջողեցաւ Իսրայէլի հետ իր սահմանամերձ շրջանին մէջ կարգ ու կանոնը պահել:

ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու բանբեր Նիրաժ Սինկ շեշտեց, որ այս ամսուան ընթացքին իրլանտական զօրամաս մը պիտի միանայ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն:

«ԱՆՊԱ» օրաթերթին համաձայն, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Պքերքէի միջմարոնիական ընդարձակ հանդիպումին ընթացքին բոլոր պատասխանատուներէն պահանջած է գործակցիլ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հետ:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի պիտի կատարէ շարք մը յայտարարութիւններ, որոնց մէջ ան յատկանշական պատգամներ պիտի փոխանցէ:

«ՍԱՖԻՐ» օրաթերթ. «Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆիի Սէուտական Արաբիա կատարած այցելութիւնը պաշտօնակա՞ն է, թէ՞ անձնական»:

ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ մարզի տէրերու միութեան նախագահ Նաամէ Աֆրամ «Ախպար» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ ճարտարարուեստի միութեան պատասխանատուները կը փափաքին, որ կազմուի տնտեսութեան մասին մտածող եւ երկրին մէջ տիրող տնտեսական անդամալոյծ վիճակին վերջ տուող կառավարութիւն մը:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը թռիչքներ գործեց Մերժահիունի, Հասպայայի եւ Պընթ Ժպէյլի վերեւ` խզելով Լիբանանի գերիշխանութիւնը եւ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւը:

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ գործավար նախարար Մոհամետ Ժաուատ Խալիֆէ հաստատեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի յարաբերութիւնը չէ խզուած` աւելցնելով, որ Պըրրի յուսախաբ եղած է կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթէն:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Զիատ Ասուատ յայտնեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի անկարող է կառավարութիւնը կազմելու. ան աւելցուց, որ համախմբումը լուռ պիտի չմնայ Միքաթիի մեծամտութեան դիմաց:

ԱՆԾԱՆՕԹՆԵՐ մուտք գործած են երեսփոխան Նիտալ Թոհմէի գրասենեակը եւ իրար անցուցած անոր փաստաթուղթերը:

ՆԱՍԸՐԱԿԱՆ շարժումի նախագահ, նախկին երեսփոխան Ուսամա Սաատի շքախումբը քարկոծուեցաւ Իքլիմ Խարրուպի մէջ:

ՊԵՏԱԿԱՆ գործավար նախարար Ատնան Քասսար ընդգծեց Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի պաշտօնավարութեան նստաշրջանը երկարաձգելու անհրաժեշտութիւնը:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ֆաթհի պատասխանատու Մունիր Մաքտահ շեշտեց, որ պաղեստինցիները արաբական բոլոր ճակատները պիտի բռնկեցնեն` առանց ոեւէ մէկուն արտօնութեան:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Ֆայսալ Տաուտ շեշտեց, որ նախագահ Ասատի ղեկավարութեամբ Սուրիա մնայուն կերպով պիտի հովանաւորէ Դիմադրութիւնը եւ նեցուկ կանգնի անոր:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ Կապրիէլ Քաչիան, որ զինք Հռոմ հրաւիրեց` ներկայ գնուելու հոգեւոր հանդիպումի մը, որ պիտի ընդգրկէ աշխարհի բոլոր կրօններուն ու համայնքներուն ներկայացուցիչները: Միւֆթիին այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի ընդունեց նախկին երեսփոխան Էմիլ Էմիլ Լահուտը, որուն հետ քննարկեց ընդհանուր հարցերը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES