ՆԻՒԹԵՐ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԵՒ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԷՆ

«ՆԱՀԱՐ»

– Ակնարկ` շրջանային առումով իւրաքանչիւր հարցի միջամուխ ըլլալու եւ անոր մէջ դերակատարութիւն ստանձնելու Թուրքիոյ պատրաստակամութեան եւ միամտութեան մասին:

«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ»

– Անդրադարձ` Թուրքիոյ մէջ յառաջիկայ կիրակի օր տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն եւ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի կողմէ վարչապետութեան երրորդ նստաշրջանը ստանձնելու պատրաստակամութեան:

(Նոյն լուրին անդրադարձած է նաեւ «Պայրաք» օրաթերթը):

– Ակնարկ` արաբական աշխարհին մէջ թրքական դերակատարութեան մասին:

«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ»

– Լրատուութիւն այն մասին, թէ Պրիւքսելի մէջ սուրիական ընդդիմութեան ներկայացուցիչները կը կազմեն երեք յանձնախումբեր` զօրակցելու Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող խռովութիւններուն:

– Անդրադարձ` Թուրքիոյ կողմէ չորս սուրիացի վիրաւորներ բուժելու եւ 41 այլ գաղթականներու դիմաց Թուրքիոյ դռները բանալու երեւոյթին:

– Լրատուութիւն այն բանի մասին, որ թրքական ընկերութիւն մը կ՛որոշէ եգիպտական շուկային մէջ 640 միլիոն տոլար գումարի ներդրում կատարել սիմենթի, հիւսուածեղէնի եւ ուժանիւթի մարզերուն մէջ:

«ՀԱՅԱԹ»

– Վերլուծական յօդուած` Անթալիոյ մէջ տեղի ունեցած սուրիական ընդդիմութեան ժողովին եւ Թուրքիոյ դէմ քրտական հաւանական քայլերէն զգուշացումներու մասին:

«ԱԽՊԱՐ»

– Անդրադարձ` Թուրքիոյ պետութեան եւ քիւրտերուն միջեւ լարուածութեան ու քրտական հարցը անլոյծ պահելու վտանգներուն:

– Լրատուութիւն Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլի այն յայտարարութեան մասին, թէ աշխարհին մէջ բռնատիրական վարչակարգերը տեղ չունին:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ»

– Ակնարկ` Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի եւ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի միջեւ լարուածութեան ստացած բաւական սուր բնոյթին մասին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES