«ԸՍՏ ԱՅԱԹՈԼԼԱ ԽԱՄԵՆԷԻԻ` ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԱՆՀԵՏԱՑՈՒՄԸ ՄՕՏԱԼՈՒՏ Է» Կ՛ԸՍԷ ՍԷՅԻՏ ՆԱՍՐԱԼԼԱ

«Կալերիա» պանդոկին մէջ երէկ կէսօրէ առաջ տեղի ունեցաւ մտաւորականներու խորհրդաժողով մը` նուիրուած Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա սէյիտ Ալի Խամենէիի:

Այս առիթով Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա արտասանեց պատկերասփռուած խօսք մը, որուն մէջ շեշտեց, թէ Կոլանի բարձունքներուն վրայ պատահած միջադէպերը կը բացայայտեն, որ ամերիկեան վարչակազմը կը հովանաւորէ եւ կը զօրակցի Իսրայէլի ու անոր գործած բռնարարքներուն:

Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ ամերիկեան վարչակազմը կ՛ուզէ արաբական աշխարհի բոլոր յեղափոխութիւնները սեփականացնել:

Ան ըսաւ, որ պաղեստինցի ժողովուրդը, յատկապէս նորահաս սերունդները կը պահեն իրենց կորովը եւ յոյսով են, որ անպայման տունդարձի իրենց երազը պիտի իրականացնեն եւ Պաղեստին մը պիտի կերտեն:

Սէյիտ Նասրալլա խստիւ դատապարտեց ամերիկեան այն կեցուածքը, որուն հիման վրայ Կոլանի բարձունքներուն մէջ իսրայէլեան ուժերուն կատարած սպանութիւնները ինքնապաշտպանութիւն էին:

Սէյիտ Նասրալլա անդրադարձաւ նաեւ սէյիտ Խամենէիի կենսագրական գիծերուն եւ առաքինութիւններուն` վերահաստատելով, որ Իսրայէլի անհետացումը մօտալուտ է:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES