ՊԸՐՐԻ. «ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ԼԻԱԳՈՒՄԱՐ ՆԻՍՏԸ ԱՌԿԱՅ ՊԻՏԻ ՄՆԱՅ»
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ յայտնեց, որ ինք որոշած է ուղղակի չհետեւիլ կառավարութեան կազմութեան ընթացքին` աւելցնելով, որ ինք այդ հոլովոյթին հետեւելու պարտականութիւնը յանձնած է երեսփոխան Ալի Հասան Խալիլի:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիին ներկայացուա՞ծ են նախարարներուն անունները, Պըրրի ըսաւ. «Միքաթիի վարչապետ նշանակման առաջին շաբթուան ընթացքին արդէն իսկ ըսած էի իրեն, թէ այդ առումով հարց չկայ, որովհետեւ կրնամ նախարարներու անուններ աւելցնել, եթէ առաջարկուած անուններուն շուրջ տարակարծութիւն ըլլայ: Նոյն կեցուածքը ունեցաւ նաեւ Հըզպալլա»:
Անդրադառնալով խորհրդարանի օրէնսդրական լիագումար նիստին` Պըրրի յայտնեց, որ եթէ այդ ժողովը օրինաւոր դարձնելու մեծամասնութիւն չգոյանայ, ապա այդ նիստը առկայ պիտի մնայ մինչեւ յաւիտեան, որովհետեւ ինք ամէն շաբաթ խորհրդարանը պիտի հրաւիրէ նիստի:
Պըրրի աւելցուց սակայն, որ եթէ նոյնիսկ 100 երեսփոխան ներկայ ըլլայ խորհրդարանի նիստին եւ անոնց մէջ չըլլան սիւնի երեսփոխաններ, ինք ժողովը օրինաւոր պիտի չյայտարարէ, ինչպէս կատարած է նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորան իր նախագահած հաշմուած կառավարութեան պարագային, երբ կառավարական կազմէն շիի նախարարները հրաժարած էին:
Միւս կողմէ, Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց իրանեան պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին Իրանի Ազգային ժողովի նախկին նախագահ Հատտատ Ատել, երեսփոխան շէյխ Մըպահի Մուքատտամ եւ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատի:
Հանդիպումէն ետք Ատել յայտնեց, որ իրենք Լիբանան կը գտնուին` մասնակցելու համար Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա սէյիտ Ալի Խամենէիի նուիրուած մտաւորական խորհրդաժողովին:
Ան նշեց, որ Պըրրիի հետ քննարկած են երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները, յատկապէս խորհրդարանական մակարդակի վրայ:
Անդրադառնալով Պաղեստինեան աղէտին առիթով տեղի ունեցած ցոյցերուն եւ այդ ցոյցերուն ընթացքին իսրայէլացի զինուորներուն կողմէ անզէն պաղեստինցիներուն սպանութեան` Ատել խստիւ դատապարտեց իսրայէլեան վայրագութեան եւ բռնարարքներուն հանդէպ ամերիկեան զօրակցութեան նկատմամբ միջազգային սարսափելի լռութիւնը:
Խորհրդարանի նախագահին այցելեց ընդհանուր ապահովութեան նախկին ընդհանուր տնօրէն զօր. Ժամիլ Սէյիտ, որ հանդիպումէն ետք յայտնեց, թէ իր ձերբակալումէն եւ ազատ արձակումէն ետք Պըրրիի հետ ունեցած իր առաջին հանդիպումն է ասիկա` աւելցնելով սակայն, որ իրենց միջեւ խորհրդակցութիւնները տեւաբար առկայ են:
Սէյիտ յայտնեց, որ Պըրրիի հետ քննարկած է տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները` ընդգծելով միաժամանակ, որ Լիբանանի սահմանադրութեան մէջ յստակօրէն նշուած է, որ խորհրդարանը իր օրէնսդրական նիստերը կրնայ գումարել առանց կառավարութեան ներկայութեան:
Լիբանանեան ներկայ իրավիճակին անդրադառնալով` Սէյիտ յայտնեց, որ Լիբանանը քաղաքական վայրագ պատերազմի մէջ կը գտնուի:
Պըրրիի այցելուներէն եղաւ նաեւ նախկին նախարար Միխայէլ Տահեր, որ յայտնեց, թէ խորհրդարանի չորեքշաբթի օրուան նիստը առաւելագոյն չափով սահմանադրական է եւ հարիւր առ հարիւր օրինական:
Տահեր աւելցուց, որ խորհրդարանին գումարելիք նիստին սահմանադրական եւ օրինական ըլլալու հանգամանքը չի կրնար պատճառ նկատուիլ ժողովէն բացակայութեան: