ՍԻՈՒՖԻԻ ՄԷՋ ՎԱՌԵԼԱՆԻՒԹԻ ՇՏԵՄԱՐԱՆԻ ՊԱՅԹՈՒՄԸ ԿԸ ՊԱՏՃԱՌԷ 7 ԶՈՀ

Կարմիր խաչի փոխադրակառքերը` դէպքին վայրին մէջ

Երէկ երեկոյեան ժամը շուրջ 8:00-ին ուժգին պայթում մը ցնցեց Էշրեֆիէի Սիուֆի շրջանը, երբ Ֆիաթի կամուրջին մօտ գտնուող վառելանիւթի «Ուարտիէ» կայանին մէջ ելեկտրական սարքերու խանգարումի մը պատճառով պայթեցաւ վառելանիւթի շտեմարան մը:

Պայթումը պատճառեց 7 զոհեր ու վիրաւորեց 15 ուրիշներ: Լիբանանեան բանակը, ներքին ապահովութեան ուժերն ու քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերը անմիջապէս ուղղուեցան պայթումին վայրը եւ փութացին վիրաւորներուն օգնութեան` զանոնք փոխադրելով մօտակայ «Օթել Տիէօ», «Ժեհթաուի» եւ «Ռըզք» հիւանդանոցները:

Նախնական տուեալներուն համաձայն, պայթումին զոհ գացած է նաեւ կայանին սեփականատէրը` Ժոզեֆ Ապու Նասըր:

Share this Article
CATEGORIES