ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԶՈՒԻՑԵՐԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ

Բագրատունի եւ դեսպան Ֆլինթ

Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ «Շաղզոյեան» կեդրոնի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Զուիցերիոյ դեսպան Ռութ Ֆլինթը, որուն հետ մէկ ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին երկարատեւ քննարկում կատարեց միջինարեւելեան թատերաբեմի անցուդարձերու եւ Լիբանանի կացութեան վրայ անոնց ունենալիք ազդեցութեան մասին:

Բագրատունի լայնօրէն ներկայացուց ՀՅ Դաշնակցութեան դիրքորոշումը հրապարակի վրայ եղող խնդիրներուն նկատմամբ` յիշեցնելով չափաւորութեան, երկխօսութեան, միասնական գոյակցութեան, բռնութեան եւ արտաքին միջամտութեանց մերժումի սկզբունքները:

Share this Article
CATEGORIES