50 Տարի Առաջ (23 Օգոստոս 1963)
Կեանքը Քեսապի Մէջ
ԲԵՐՔԸ.- Այս տարի բացառիկ անձրեւոտ տարի մըն էր: Հակառակ ասոր` պէտք է ըսել, որ բերքերը քիչ մը շատ հեռու են գոհացուցիչ ըսուելէ:
Տեղացող յորդառատ անձրեւները փճացուցած են խնձորի ծաղիկը, որուն պատճառով այդ առաջնակարգ բերքը շատ տկար է: Սակայն այդպէս կարելի չէ ըսել երկու գիւղերու համար` Էքիզոլուգի եւ Քէօրքիւնէի համար: Մանաւանդ` Քէօրքիւնէի մէջ խնձորի բերքը շատ քաջալերական է մանաւանդ որ գիները բաւական խոստմնալից ըլլալ կը թուին:
Գալով ծխախոտին, որ երկրորդ գլխաւոր բերքն է, այս շրջանին լման յուսահատութեան մատնած է գիւղացիները: Համաճարակ հիւանդութիւն մը ամբողջ հիւսիսային Սուրիոյ ծխախոտի բերքերը փճացուց: Քեսապն ալ զերծ չմնաց այս պատուհասէն: Կառավարութիւնը ջանք չի խնայեր, ուղղակի կամ անուղղակի միջոցներով, հողագործներուն հատուցում յատկացնելու համար:
ՇԻՆԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ.- Քեսապի քաղաքապետութիւնը ձեռնարկած է բաւական ընդարձակ շինարարական ձեռնարկի մը` Քեսապը օժտելու համար կոյուղիի ցանցով մը: Արդէն իսկ աշխատանքները մեծ թափով յառաջ կը տարուին:
Ասկէ զատ կազինոյի կեդրոնական հրապարակը շուկային միացնելու համար ինքնաշարժի լայն ճամբայ մը կը բացուի: Իսկ շուկային մէջտեղ գտնուող մեծ կամուրջը, որ ձմրան հեղեղէն բաւական վնասուած էր, այս նոր բացուող ճամբուն վայրը կը գտնուի եւ նորոգուելու վրայ է:
Էքիզոլուգ գիւղը ելեկտրականութեամբ օժտուեցաւ: Արդէն տարիներ առաջ այդ գիւղին տուները օժտուած էին ջուրով:
Յուսով ենք, որ մինչեւ յաջորդ տարի Քէօրքիւնէն եւս կ՛օժտուի ջուրի ցանցով մը եւ ասֆալթապատ ճամբայով մը:
ԳԻՒՂԵՐՈՒ ՆՈՐ ԱՆՈՒՆ.- Ասկէ քանի մը տարի առաջ կառավարութիւնը կարգ մը գիւղերու թրքական անունները փոխած էր: Այսպիսով Քէօրքիւնէն եղած է Ռապուա, Էքիզոլուգը Այնթէ, Չագալճգը Ղազալի, Չինարճգը Այն Տլպի, Տիւզաղաճը Ալ Շաժրաթ, Սեւ Աղբիւրը Ալ Սախրա, Գալատուրանը Սըմրա եւ այլն:
Անշուշտ տեղացիք մէկ օրէն միւսը այս նոր անունները չէին կրնար իւրացնել, բայց պաշտօնական շրջանակներու մէջ այս նոր անունները կը գործածուին:
ԲԱՆԱԿՈՒՄՆԵՐ.- Քեսապի ամբողջ շրջանին մէջ կարելի է նշմարել բազմաթիւ վրաններ: Ասոնցմէ ոմանք կը կազմեն արիներու բանակավայրերը, իսկ ուրիշներ` անհատներու վրաններ:
Երեկոները գլխաւոր պողոտաներուն վրան կը վխտան բազմաթիւ ճեմողներ: Իսկ հայկական եւ այլ ժողովրդական երգեր անպակաս են մթնոլորտին մէջ:
Փոքր ակնարկութիւն մը միայն: Մենք` տեղացիներս, թրքախօսութենէն չենք ախորժիր, այլ ընդհակառակը, կը խորշինք անկէ: Սակայն, դժբախտաբար, Հալէպէն եկող կարգ մը հայրենակիցներ մթնոլորտը կը ծանրացնեն իրենց թրքերէնով… Իմ մաղթանքս էր, որ Քեսապէն իրենց շնչած մաքուր օդը զիրենք չի կազդուրեր մի միայՆ ֆիզիքապէս, այլ նաեւ` լեզուապէս:
Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՏՕՆԸ.- Արդէն իսկ այս տօնը Քեսապը դարձուցած է ուխտատեղի մը համայն սուրիահայութեան համար, բայց մանաւանդ` հալէպահայութեան համար:
Իւրաքանչիւր տարուան տօնախմբութիւն կը գերազանցէ նախորդ տարիներու տօնախմբութիւնները: Այս տարի եւս գլեց անցաւ անցնող տարիներու տօնախմբութիւնները:
Տօնէն օրեր առաջ բազմաթիւ ընտանիքներ Քեսապ ժամանած էին եւ` պանդոկները յորդեցուցած: Իսկ օգոստոս 18, կիրակի, հսկայ պասեր Քեսապը կը լեցնէին հազարաւոր ուխտաւորներով: Ամէն ծառի հովանի կը դառնար օթեւան մը: Իւրաքանչիւր տուն կը դառնար մէկէ աւելի ընտանիքներու հիւրանոցը:
Մինչ մէկ կողմէ Քեսապը կը լեցուէր ուխտաւորներով, միւս կողմէ` Ներքի գիւղի հսկայ սօսիին տակ աղը կ՛օրհնուէր շրջանի հոգեւոր հովիւ հայր Գուրգէն Թրթռեանի ձեռամբ: Տասնեակ մը ոչխարներ, այս աղին համը առնելէ ետք, իրենց վիզերը կը յանձնէին սուր դանակին: Խումբ մը երիտասարդներ եւ պատանիներ տենդագին աշխատանքի լծուած էին:
Քսանի չափ կաթսաներ կրակի վրայ զետեղուած էին եւ հերիսան կ՛եփէր:
Արդէն այդ գիշեր իսկ բազմաթիւ ուխտաւորներ հոն կայք հաստատած էին, իսկ ուրիշներ կու գային պարզ հետաքրքրութեամբ հերիսայի կաթսաները տեսնելու համար:
Մէկ կողմէն թմբուկը ամբողջ գիւղը անքնութեան կը մատնէր, եւ բազմաթիւ հայրենակիցներու թունդ ելած սրտերուն արտայայտութիւնը կը դառնային շուրջպարերը:
Ժամը 10:00-ի ատենները ՀՄԸՄ-ի արենուշները հոն գալով` այդ տեղը կենդանացուցին իրենց խանդավառ երգերով:
Ժամը երկուքէն ետք վայրը կը պարպուի այցելուներէն. սակայն տասնեակ մը երիտասարդներ դեռ կը յամենան հոն եւ եռացող կաթսաներուն քով կը հսկեն մինչեւ առաւօտ: Գիշերային դեւերը հեռու պահելու համար, մերթ ընդ մերթ օղիի բաժակներու հետ շրթնէ շուրթ համբոյրներ կը փոխանակուէին:
Արեւու առաջին ճառագայթներուն հետ ուխտաւորներու շարքերը կը սկսին երեւիլ: Ժամը ութին Ս. պատարագ կը մատուցուի Եագուպիէի հովիւ տէր Ներսէսի ձեռամբ եւ Ղեւոնդ արքեպիսկոպոսի նախագահութեամբ: Իսկ ժամը 10:00-ին սրբազան հայրը կ՛օրհնէ հերիսան: Ապա հազարաւոր ձեռքեր ետ առաջ կ՛երկարին համեղ հերիսայէն բաժին ստանալու համար:
Միւս կողմէ` զոյգ թմբուկներ օդը կը դղրդացնեն, եւ որոնց շուրջ հարիւրաւոր երիտասարդներ կը պարեն:
Կէսօրէ ետք կամաց կամաց վայրը կը սկսի պարպուիլ: Այս գործողութիւնը կը շարունակուի մինչեւ ուշ երեկոյ:
Գ. ԱԲԷԼԵԱՆ

