Արուստի Աշտարհէն. Անոնք Սրտով Կ՛երգեն…

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

ԳԻՏՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՁԱՅՆ, ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐ ԱՅՆՔԱ՛Ն ԼԱՒ ՆԵՐԴԱՇՆԱԿՈՒԵԼՈՒ ԿԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԻՆ, ՈՐ ՈՉ ՄԻԱՅՆ ԻՐԵՆՑ ՁԱՅՆԵՐԸ ԿԸ ՆԵՐԴԱՇՆԱԿԵՆ, ԱՅԼ ՆԱԵՒ` ՍՐՏԻ ԶԱՐԿԵՐԸ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» Կ՛ԱՆԴՐԱԴԱՌՆԱՅ ՆՈՐԱԳՈՅՆ ՅԱՅՏՆԱԲԵՐՈՒՄԻՆ:

Շուէտի մէջ ուսումնասիրողներ հետեւած են երգչախմբային կատարումներու ժամանակ երգողներուն սրտին զարկերուն եւ ի յայտ բերած են, թէ մինչ անոնք կ՛երգեն միաձայն, անոնց սրտին զարկերը նոյն համեմատութեամբ կ՛արագանան եւ կը դանդաղին:

Անոնք «Ֆրոնթիրզ Սայքոլոճի» թերթին մէջ ներկայացնելով իրենց ուսումնասիրութիւնը` կը գրեն, թէ այս ներդաշնակութիւնը կը ստեղծուի, որովհետեւ երգողները կը համակարգեն իրենց շնչառութիւնը:

Շուէտի Կոթենպըրկ համալսարանէն Պիոռն Վիքհոֆ կ՛ըսէ. «Սրտին զարկերը կը դանդաղին, երբ կ՛արտաշնչենք եւ կ՛արագանան, երբ կը ներշնչենք»:

«Հետեւաբար, երբ կ՛երգենք, կ՛օգտագործենք այն օդը, որ կ՛արտաշնչենք, եւ սրտին զարկերը կը դանդաղին: Իսկ երաժշտական տողերուն միջեւ պէտք է ներշնչենք, ուրեմն մեր սրտին զարկերը կ՛արագանան»:

«Եթէ այս է պատկերը, ապա սրտին զարկերը կը հետեւին երգի մը կառոյցին կամ տողերուն, եւ ճիշդ այս է, որ չափեցինք եւ հաստատեցինք»:

Գիտնականները ուսումնասիրած են երգչախումբի 15 անդամներ, մինչ անոնք կատարած են տարբեր տեսակի երգեր:

Անոնք ի յայտ բերած են, թէ որքա՛ն կազմակերուած ըլլար երգի մը կառոյցը, երգողներուն սրտին զարկերը այնքա՛ն աւելի ներդաշնակ կշռոյթով կ՛արագանային եւ կը դանդաղէին:

Օրինակ` սրտի զարկերու միջեւ ամէնէն աւելի ներդաշնակութիւն կը ստեղծուէր դանդաղ կրկներգներու ժամանակ:

Ուսումնասիրողները նաեւ ի յայտ բերած են, թէ երգչախմբային կատարումները ընդհանրապէս կը դանդաղեցնեն սրտի զարկերը:

Անոնք կը բացատրեն, թէ ասիկա շնչառութիւնը հակակշռելու անդրադարձներէն մէկն է:

«Երբ կ՛արտաշնչենք, շարժման մէջ կը դնենք մեր թոքատար ջիղը (վէյկըս), որ ուղեղին կեդրոնէն կ՛իջնէ սիրտ: Երբ այս ջիղը գործի կը լծուի, սիրտը աւելի դանդաղ կը զարնէ», կը բացատրէ Վիքհոֆ:

Այժմ գիտնականները կը ծրագրեն ուսումնասիրել երգելու ներգործութիւնը առողջութեան վրայ:

«Ուսումնասիրութիւններ կատարուած են եոկայի շնչառութեան վերաբերեալ, որ շատ մօտ է առողջութեան վրայ շնչառութեան ներգործութեան մեր փնտռտուքին, ինչպէս նաեւ` յատուկ ցուցմունքներով առաջնորդուած շնչառութեան, որոնք երկար ժամանակի վրայ դրական ներգործութիւն կ՛ունենան արեան գերճնշումի վրայ` իջեցնելով զայն», կ՛ըսէ Վիքհոֆ:

«Կ՛ենթադրենք, որ երգելը եւս հաւանաբար կրնայ նոյնքան օգտակար ներգործութիւն ունենալ»:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )