Արուեստի Աշխարհէն. Դարձեալ Մոնա Լիզան

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

Սափորներ եւ մարդկային ոսկորներ` Լիզա Կերարտինիի ընտանեկան դամբարանին մէջ:

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՂՆԵՐ ՖԼՈՐԱՆՍԻ ՄԷՋ ԿԸ ԲԱՆԱՆ ԴԱՄԲԱՐԱՆ ՄԸ` ՓՆՏՌԵԼՈՎ ԻՐԱԿԱՆ ՄՈՆԱ ԼԻԶԱՆ: «ՏԻ ԻՆՏԻՓԵՆՏԸՆԹ» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ ԼԷՈՆԱՐՏՕ ՏԱ ՎԻՆՉԻԻ ՄՈՒՍԱՅԻՆ ԾԻՆԱԿԱՆ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԲՋԻՋՆԵՐԸ Ի ՅԱՅՏ ԲԵՐԵԼՈՒ ՆՈՐԱԳՈՅՆ ՓՈՐՁԸ:

Ուսումնասիրողներ սկսած են պեղել Ֆլորանսի Սանթիսսիմա Անունցիաթա մատրան մէջ դամբարան մը` ի յայտ բերելու համար ինքնութիւնը այն կնոջ, որուն առեղծուածային ժպիտը անմահացուցած է Լէոնարտօ տա Վինչի` իր «Մոնա Լիզա» դիմանկարին մէջ:

Գիտնականներ փոքր փոս մը փորած են մատուռին քարէ յատակին, որուն տակ կը գտնուի ընտանեկան դամբարանը Լիզա Կերարտինիի: Կը կարծուի, թէ արուեստագէտը զայն գծած է 16-րդ դարու սկիզբը:

Գրագէտ եւ ուսումնասիրող Սիլվանօ Վինչեթի կը ծրագրէ քննել աճիւններուն ծինական ժառանգութեան պատասխանատու բջիջները եւ զանոնք բաղդատել մայրապետներու մօտակայ վանքէ մը անցեալ տարի յայտնաբերուած կմախքացած երեք մարմիններու ոսկորներուն հետ:

Պատմաբաններ կ՛ըսեն, թէ Կերարտինի` ֆլորանսցի մետաքսի առեւտրական Ֆրանչեսքօ տէ Ճիոքոնտայի կինը, իր կեանքին վերջին տարիները անցուցած է Ս. Օրսոլա վանքին մէջ. այժմ` կիսափուլ շէնք մը, ուր անոր ոսկորներուն փնտռտուքը սկսաւ անցեալ տարի:

Վինչեթի համոզուած է, որ երեք մարմիններէն մէկը կը պատկանի Կերարտինիի:

«Դարեր շարունակ աշխարհի տարածքին պատմաբաններ տարբեր տեսութիւններ յայտնած են առեղծուածային եւ խորհրդաւոր կնոջ ինքնութեան մասին», կ՛ըսէ ան:

Վինչեթի կը յուսայ փաստել, որ մատուռին գլխաւոր խորանին ստորերկրեայ խճողուած սենեակին մէջ թաղուած ոսկորներէն ոմանք կը պատկանին Լէոնարտոյի մուսային արենակիցներուն կամ գէթ անոր զաւկին` Փիեռոյի:

Ծինական ժառանգական կապը հաստատելէ ետք կարելի պիտի ըլլայ վերակառուցել Կերարտինիի դիմագիծը` Ս. Օրսոլայի վանքէն յայտնաբերուած գանկին հիմամբ եւ ապա` զայն բաղդատել գեղանկարին հետ: «Եթէ գտնենք կապ մը մօր եւ զաւկի միջեւ, ապա կրնանք ըսել, թէ յայտնաբերած ենք Մոնա Լիզան», կ՛ըսէ Վինչեթի:

«Մոնա Լիզա» Փարիզի Լուվր թանգարանին մէջ այցելուներ ներագրաւող արուեստի մեծագոյն գործն է: Ամէն տարի միլիոնաւոր անձեր թանգարան կ՛երթան` տեսնելու զայն: Լուվրի մասնագէտներուն համաձայն, դիմանակարը գծուած է 1503-1506-ի միջեւ:

Ճիոքոնտօ ընտանիքին դամբարանը առաջին անգամ ըլլալով կը բացուի 300 տարուան մէջ, ինչ որ ճակատագրական հանգրուան մըն է Վինչեթիի եւ անոր ուսումնասիրողներու խումբին համար: Անոնք 2010-ին նաեւ յայտարարած էին պատճառը իտալացի այլ վարպետի մը` Քարաւաճիոյի խորհրդաւոր մահուան. գեղանկարիչը թունաւորուած էր իր գործածած ներկերուն պողպատի բաղադրութեամբ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )