Արուեստի Աշխարհէն. Անձնասպանութի՞ւն, Թէ՞ Մարդասպանութիւն

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

ՎԱՆ ԿՈԿԻ ՄԷԿ ՆՈՐ ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐԸ ԿԸ ՄԵՐԺԵՆ ԱՅՆ ՎԱՐԿԱԾԸ, ԹԷ ՀՈԼԱՆՏԱՑԻ ԳԵՂԱՆԿԱՐԻՉԸ ՍՊԱՆՆՈՒԱԾ ԷՐ 16 ՏԱՐԵԿԱՆ ՊԱՏԱՆԻԻ ՄԸ ԿՈՂՄԷ: ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏԻՆ ԳՈՐԾԵՐՈՒՆ ԵՒ ԿԵԱՆՔԻ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՍԻՐԱՀԱՐՆԵՐԸ ԵՒՍ ՊԻՏԻ ՆԱԽԸՆՏՐԷԻՆ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՏԵՍՈՒԹԻՒՆԸ: «ՏԻ ԻՆՏԻՓԵՆՏԸՆԹ»Ի ՄԷԿ ՏԵՂԵԿԱԳԻՐԸ ԿԸ ՓԱՐԱՏԷ «ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆԸ»:

 

Վան Կոկի «Ցորենի դաշտերը»

 

 

 

 
 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Վան Կոկի մահուան շուրջ տիրող խորհրդաւորութիւնը տարօրինակ բնոյթ ստացաւ, երբ վերջերս լոյս տեսած կենսագրութեան մը մէջ երկու մասնագէտներ յայտնեցին այն կարծիքը, թէ գեղանկարիչը անձնասպան չէր եղած, այլ սպաննուած էր իրեն ծանօթ անձի մը կողմէ:

Ընդհանրապէս տիրող կարծիքը այն է, թէ տպաւորապաշտ գեղանկարիչը 37 տարեկանին զէնքով անձնասպանութիւն փորձած է եւ արարքը խոստովանած է մահուան անկողինին մէջ: Սակայն Սթիւըն Նայֆէ եւ Կրեկորի Ուայթ Սմիթ կը գրէին, թէ ան փամփուշտ մը ստացած էր, հաւանաբար` դիպուածով, երբ 16 տարեկան դպրոցական պատանի մը կրակած էր իր զէնքով:

Ամերիկեան գրական Փուլիցըր մրցանակին արժանացած հեղինակները այս հաստատումը կը կատարէին «Վան Կոկ. տը լայֆ, տը պայոկրաֆի» վերնագիրով 960 էջնոց գիրքի մը մէջ, որ լոյս տեսաւ 2011-ի հոկտեմբերին: Օրին Ամսթերտամի մէջ Վան Կոկի թանգարանը յայտարարած էր, թէ տեսութիւնը «ցնցիչ» էր եւ «հետաքրքրական», սակայն` «բազմաթիւ հարցեր կը մնային անպատասխան»:

Այնուհետեւ թանգարանէն երկու մասնագէտներ` Լուիզ վան Թիլպորկ եւ Թէօ Մինտենորփ ձեռնարկեցին այս հաստատումներուն ուսումնասիրութեան: Այժմ անոնք հրատարակած են իրենց փնտռտուքներուն արդիւնքը եւ կ՛ըսեն, թէ մարդասպանութեան ցնցիչ տեսութիւնը պարզապէս անհիմն է:

Մասնագէտները «Պըրլինկթըն Մեկըզին»-ի մէջ կը գրեն, թէ անձնասպանութեան վարկածը հիմնաւորող դէպքերու շարքը «կարելի է շատ լաւ ձեւով ապացուցել հոգեբանական եւ պատմական տուեալներով»:

Անոնք իբրեւ անձնասպանութեան փաստ` մատնացոյց կ՛ընեն փամփուշտին բացած վէրքին բնոյթը, արուեստագէտին յարաբերութիւնը իր եղբօրը հետ, ինչպէս նաեւ` անոր գրպանէն յայտնաբերուած նամակը, որուն մասին ոչ մէկ ակնարկութիւն կայ կենսագրութեան մէջ: Անոնք նաեւ հաւանական կը նկատեն Վան Կոկի անձնասպան ըլլալու ցանկութիւնը, ինչ որ հարցականի տակ առնուած է վերոնշեալ հեղինակներուն կողմէ:

«Այս կենսագրութեան մէջ անտեսուած դիտանկիւնէ մը, այսինքն` իր կեանքին նկատմամբ Վան Կոկի սեփական հայեցակէտին դիտանկիւնէն, անձնասպանութիւնը շատ աւելի հաւանական է, քան` մահացու հետեւանքներու մասին պատահական վիճարկութիւնները», կը գրեն անոնք:

Վան Կոկ մեռած է 1890-ին Օվեր-սիւր-Ուազի մէջ, ուր կը գծէր ցորենի դաշտեր: Ան ցորենի դաշտի մը մէջ ինկած էր որովայնէն ստացած փամփուշտով, ապա մեռած էր երկու օր ետք, իջեւանի մը մէջ: Մահուան անկողինին մէջ յայտնած էր, թէ ինք իր վրայ կրակած էր:

«Ինքնանկար»

«Վան Կոկ. տը լայֆ, տը պայոկրաֆի» գիրքը, որ հիմնուած է աւելի քան 10 տարուան ուսումնասիրութիւններու վրայ, կը հրապարակէր ցնցիչ տեսութիւն մը: «Վան Կոկի ծանօթներուն կարծիքը այն էր, թէ ինչ որ պատահած էր Օվերի մէջ, արկած մըն էր. Վան Կոկ դիպուածով ստացած էր փամփուշտ մը, երբ երկու պատանիներ գործածած էին իրենց զէնքը, ապա որոշած էր պաշտպանել զանոնք` անձամբ կրելով պատասխանատուութիւնը», կ՛ըսէ Նայֆէ: Ամերիկացի ակադեմական Ճոն Ռիուոլտ Օվերի մէջ, նման տեսութեան մը մասին տարաձայնութիւններ լսած էր 1930-ական տարիներուն:

Կենսագրութեան հեղինակները սպանութեան պատասխանատու հռչակած էին Կասթոն եւ Ռընէ Սեքրեթան եղբայրները, որոնք կը յաճախէին Փարիզի երկրորդական մէկ վարժարանը: 1957-ին արուեստագէտին մասին հարցազրոյց մը կատարուած էր Ռընէի հետ, որ ըսած էր, թէ Վան Կոկ հաւանաբար առած էր իր ատրճանակը: Նորագոյն յօդուածին հեղինակներուն համաձայն, այս հարցազրոյցը, որուն վրայ կը կեդրոնանայ կենսագրութիւնը, «ամենադոյզն» կերպով չի փաստեր անոնց տեսութիւնը:

Վան Կոկի թանգարանին մասնագէտները կ՛ըսեն. «Իրականութեան մէջ ոչինչ կը հիմնաւորէ անոնց վիճարկութիւնը դէպքերու շղթային վերաբերեալ: Անիկա հիմնուած է 20-րդ դարու տարաձայնութեան մը վրայ, որուն հեղինակը պարզապէս յոխորտացող սրիկայ մըն էր, որ հպարտութեամբ յայտարարած էր, թէ Վան Կոկ գողցած էր իր զէնքը: Ոչ մէկ կասկած ունինք անոր սուտին»:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )