Արուեստի Աշխարհէն. Գլուխ Գործոցներ Կը Կերպարանափոխուին

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

Հունգարացի լուսանկարիչը ինքզինք նմանցուցած է Փիքասոյի «Կանաչ գլխարկով կնոջ»:

Պորսիի «իրական» դիմանկարներէն մէկը` Քիս վան Տոնկընի «Եգիպտացորենի ծաղիկը» գեղանկարին հետեւողութեամբ:

 

 

 

 

 

 

 

ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏՆԵՐ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԴԷՄՔԸ ՆԿԱՐԱԾ ԵՆ ԵՐԵՒԱԿԱՅԱԿԱՆ ՏԱՐԲԵՐ ՁԵՒԵՐՈՎ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ, ԹԷ Ի՛ՆՉ ԿԸ ՊԱՏԱՀԻ, ԵՐԲ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐԻՉ ՄԸ ԿԸ ՓՈՐՁԷ ՎԵՐՍՏԵՂԾԵԼ ԱՆՈՆՑ ՊԱՏԿԵՐԱՑՈՒՄՆԵՐԸ ԵՒ ԱՐԴԻ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՄԷՋ ՊԱՏԿԵՐՈՒԱԾ ԴԷՄՔԵՐԸ ՎԵՐԱԾԵԼ ԻՐԱԿԱՆ ԴԻՄԱՆԿԱՐՆԵՐՈՒ:

Արդի արուեստագէտներու դիտանկիւնէն` մարդկային կերպարը դարձած է վերատեսութեան ենթարկելի ձեւագծում մը: Անկիւններ եւ ոլորքներ շեշտաւորելով կամ չափազանցելով` արուեստագէտներ կերպարանափոխած են մեր կերպարին ծանօթ յատկանիշները:

Այժմ այս մօտեցումը կարելի է կիրարկել համակարգիչի յատուկ ձեւագծումի ծրագիրներով, ինչպէս` Ֆոթոշափ: Սակայն հունգարացի լուսանկարիչ Ֆլորա Պորսի քայլ մը անդին գացած է: Ան լուսանկարած է ինքնանկարներ` ներշնչուած արդի գեղանկարչութեան դասականացած գործերէն եւ իր դիմագիծը կերպարանափոխելով այնպէս, որ անիկա նմանի արուեստագէտի մը օգտագործած բնորդին:

«Հանդիպեցայ լուսանկարի մը, որուն մէջ Կրանթ Վուտի «Ամերիքըն կոթիք» գեղանկարին մէջ օգտագործուած բնորդները կանգնած էին զիրենք պատկերող գեղանկարին կողքին,- կ՛ըսէ 20 տարեկան լուսանկարիչը:- Կարգ մը արուեստագէտներ միայն իրենց երեւակայութեան կ՛ապաւինին իրենց գործերը գծելու համար, ուրիշներ կը նախընտրեն արուեստ ստեղծել` իրական բնորդներ օգտագործելով իբրեւ մարդակազմութեան ուղեցոյց: Ի՞նչ պիտի պատահէր, եթէ այս վերացական բնորդները վերածուէին իրական անձերու»:

Պորսի ընտրած է քանի մը հանրածանօթ գեղանկարներ եւ զանոնք օգտագործած է իբրեւ հիմը իր լուսանկարներուն, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը պատկերէ գեղանկարչութեան մէջ մարդկային կերպարանափոխուած դէմք մը: «Ընտրեցի այնպիսի գեղանկարներ, որոնց մէջ բնորդին մարմնին կամ դէմքին կազմութեան բնական ձեւերը իրապէ՛ս ծամածուռ դարձած են կամ ստացած են տարօրինակ երեւոյթներ,- կը բացատրէ Պորսի:- Իւրաքանչիւր լուսանկարի պատրաստութիւնը տեւեց 8-12 ժամ: Նախ պէտք էր ստեղծէի համապատասխան հագուստները, զարդեղէնը, շպարը: Ապա լուսանկարելէ ետք, պէտք էր գեղանկարին յատուկ մանրամասնութիւնները վերստեղծէի Ֆոթոշափով»:

Պորսիի վերստեղծած գործերուն շարքին են Փիքասոյի «Կանաչ գլխարկով կինը» (գծուած` 1939-ին) եւ իտալացի գեղանկարիչ Մոտիլիանիի «Լեհ կնոջ դիմանկարը» (գծուած` 1919-ին):

«Ինքզինքս լուսանկարեցի վերստեղծելու համար այս գեղանկարները: Կիրարկեցի համապատասխան շպարը եւ հանդերձանքի ոճը,- կ՛ըսէ Պորսի:- Ասիկա դիւրին չէր, որովհետեւ իւրաքանչիւր գեղանկարի համար պէտք էր գտնէի ճիշդ անկիւնը, դիրքը եւ դէմքի արտայայտութիւնը»:

Ան Քազմիր Մալեւիչի «Կնոջ իրանը» գեղանկարին վերարտադրութեան մէջ ինքզինք պատանքած է վերստեղծելու համար անոր պատկերած գերիրապաշտ կերպարը:

Սկիզբը Պորսի վերստեղծած էր 4 պատկերներ, որոնք այնքա՛ն մեծ ժողովրդականութիւն վայելած էին համացանցի վրայ, որ ան վերստեղծած էր նաեւ այլ գեղանկար մը. հոլանտացի արուեստագէտ Քիս վան Տոնկընի «Եգիպտացորենի ծաղիկը» (գծուած` 1919-ին). զգայացունց գեղանկար մը, որ կը պատկերէր փարիզեցի աղջիկ մը:

Առաջին անգամ չէ, որ Պորսի հանրութիւնը կը զարմացնէ իր ծրագիրներով: Այս տարուան սկիզբը ան իր «ժամանակի մէջ ճամբորդներ» վերնագիրով գործին մէջ Ֆոթոշափի միջոցով ինքզինք վերածեց պատմական կերպարներու, ինչպէս` Պիթըլզ խումբին, որ կը ժամանէր Միացեալ Նահանգներ եւ մունջ կատակերգութեան աստղերէն` Հերըլտ Լոյտ, որ բարձր ժամացոյցէ մը կախուած էր քաղաքի մը փողոցին մէջ: Նման լուսանկարներու մէջ Պորսի ինքզինք տեղադրած էր թուային լուսանկարչական գործիք մը ձեռքին:

««ժամանակի մէջ ճամբորդներ»-ու շարքը սպառեցաւ, երբ արդէն հրապարակած էի 7 լուսանկարներ,- կ՛ըսէ Պորսի, որ այժմ կը ծրագրէ լուսանկարչութիւն ուսանիլ Պուտափեշտի մէկ համալսարանին մէջ:- Կ՛ենթադրեմ, որ ծրագիրներէս ոչ մէկը պիտի շարունակուի «երկրորդ մասով» մը: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը եզակի է եւ անկրկնելի»:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )