Մեր Խօսքը. 20-Ամեայ Նահատակութեան Պատգամը

Համահայկական տարտղնուած ու դառն իրականութեան մէջ, ուր երիտասարդութեան նշմարելի տոկոս մը հայկականութեան հետ առնչուող խնդիրներու հանդէպ կ՛ապրի բացասական մօտեցումով կամ նուազագոյնը «անտարբեր» չէզոքութիւն մը կը ցուցաբերէ,  նահատակութեան գաղափարը` յանուն գերագոյն արժէքներու, կու գայ անգամ մը եւս հաստատելու, որ այդ դառն իրականութեան մէջ ծնած ու գտնուած են հերոսներ, որոնք ունին ժխտականը դրականի վերածելու ուժը, կարողութիւնը` «անտարբերութիւն»-ը չէզոքացնելու եւ հայկականութեան հետ առնչուող խնդիրները ամէնօրեայ տագնապներու վերածելու:

Մհեր Ճուլհաճեան իր նահատակութեամբ կ՛արտացոլացնէ նշեալ գաղափարին պատկերներէն մէկը:

Նահատակութեան 20-ամեակն է Մհեր Ջուլհաճեանի: Այս առիթով կոչը ուղղուած է համայն  երիտասարդութեան, բոլոր երիտասարդ-ուսանողութեան, տեսնելու, զգալու Մհեր Ջուլհաճեանի նահատակութեան արժէքը եւ լաւապէս գիտակցելու անոր կարեւորութեան:

Մհերը հաւատաց (վստահ ենք), որ իր նահատակութիւնը քիչ մը աւելի պիտի երկարաձգէ սփիւռքեան գոյութեան տաժանելի փաստը, հաւատաց, որ այդ երկարաձգումին արդիւնքը անպայման կ՛ըլլայ սպասուած երազի մը իրականացումը:

Արցախի ազատագրութեան պայքարին ընթացքին, 23 օգոստոս 1993-ին, Մարտունիի շրջանին մէջ Մհեր Ջուլհաճեան իր ընկերներուն հետ` Մերուժան Մոսոյեանի, Արտակ Մնացականեանի եւ Լեւոն Համբարձումեանի կը զոհուի… եւ իրենց նահատակութեամբ հայրենիքի գոյութեան ու շարունակականութեան երաշխիքը քիչ մը աւելիով կ՛ամրապնդուի:

Մհեր կը նահատակուի… Մհերին նահատակութեամբ ամբողջ կեանք մը`  երիտասարդութեամբ ու խոստմնալից ապագայով լեցուն, ի սպաս կը դրուի ազատութեան, ազատօրէն ապրելու, հայկական իրաւունքներուն տիրանալու, հայրենիք մը ունենալու ի խնդիր… Աւելի՛ն, իր նահատակութեամբ Մհեր կու գայ այդ ժողովուրդին եւ յատկապէս երիտասարդութեան ըսելու, որ կայ աւելի բարձր, աւելի վսեմ բան մը, զոր նահատակութեամբ կ՛արժէ ապրեցնել…

Կը հաւատանք, ինչպէս հաւատացին իրենք` նահատակները, Արեւմտեան Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունեցող գործելադաշտի մը մէջ նետուելու հրամայականին: Մհերի նահատակութեան յիշատակով պէտք է գործել, կարենալ դժուարագոյնը շրջանցելու եւ իսկական ու վայել գործունէութիւն ծաւալելու համար: Կը հաւատանք, Հայաստանի եւ ներկայ Հանրապետութեան զարգացման ու հզօրացման… Մհերի վեհանձնութեամբ պէտք է գործել… Կը հաւատանք Արցախի վերաբնակեցման աշխատանքի կարեւորութեան ու այն մէկը իրականութիւն դարձնելու հրամայականին… «Դէպի Երկիր»-ի գաղափարապաշտի օրինակով պէտք է գործել… Կը հաւատանք ջաւախահայութեան ազատատենչ ապրումներու մօտակայ իրականացման: Մհերի «երազով» պէտք է ապրիլ…

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )