Վկայութիւններ Մհեր Ջուլհաճեանի Մասին

Հաւա՛տք, կա՛մք եւ նուիրո՛ւմ այս երեք գաղափարներուն մէջ միայն կարելի է յիշել ընկեր Մհերը:

Իր գործի օրինակով եւ միտքերով ան մեզի տուաւ շունչ եւ առողջ դատողութիւն:

Թող մարդիկ չկարծեն, թէ մենք այսօր ընկեր Մհերը կը յիշենք իր խօսքերով: Ո՛չ, մենք կը յիշենք մեր նահատակ վարիչը իր նայուածքով, գուրգուրանքով եւ գործով: Մեր մեծ եղբայրն էր ան, մեզի ուղի տուող ընկերը:

ՀՅԴ «ԲԱԲԳԷՆ ՍԻՒՆԻ»
ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԸՆԿԵՐՆԵՐ

 

Դուն ալ Լիզպոնի հերոսութեամբ տոգորուած` ընտրեցիր գերագոյն զոհաբերութեան ու նուիրաբերումի ճամբան եւ փաստեցիր, թէ քու այնքան սիրած կուսակցութիւնդ միայն մտաւորականներու կուսակցութիւն չէ, եւ ի հարկին, պէտք էր գրիչը մէկ կողմ դնելով` «Քալաշնիքով» վերցնել, եւ այդ համոզումով կլանուեցար հայրենասիրութեան բագինին բոցերով, որոնք դժբախտաբար լաւագոյն տղերքը կը խլեն մեզմէ:

Հասկցար Մհեր, որ Արցախի հողն ալ վար ու հերկի կարօտ է եւ հիմա երազդ արդէն իսկ իրականացած է, եւ վստահ եմ, որ մեր պատմութեան ու նորօրեայ հազարաւոր մեր նահատակներուն հետ հիմա Մասիս լերան լանջին կը պարես:

Գ. ՄԱՆՈՅԵԱՆ

 

Հայաստանի մէջ Մհերը կարծէք վերագտած էր ինքզինք եւ ստացած էր նոր փայլք մը: Իր ունեցած յատկանիշները աւելի շեշտուած էին, այն աստիճան, որ կարելի էր ըսել, թէ փոփոխութիւն մը կար անոր մէջ, եթէ լաւէն դէպի աւելի լաւը անցումը կարելի է փոփոխութիւն համարել: Դարձած էր հեզ, աւելի բարի, աւելի համբերատար, աւելի կարգապահ, աւելի ուրախ եւ նոյնիսկ կատակասէր, բայց միաժամանակ` աւելի՛ խստապահանջ եւ աւելի՛ գաղափարապաշտ: Երբ այս իրողութիւնը յանձնուեցաւ իր ուշադրութեան, իր անսահման բարի ժպիտը դէմքին ըսաւ. «Ճիշդ էք, բաւական փոխուած եմ, հիմա աւելի հանգիստ կը զգամ»:

Մտաւորական-մարտիկ Մհերը իր նահատակութեամբ, բայց մանաւանդ իր կարճ կեանքի բուռն գործունէութեան օրինակով, մեզի` մնացողներուս տուաւ վերջին, բայց միշտ շարունակուող դասը` սեփական կեանքի օրինակով դաստիարակել սերունդները:

Յ. ՊԵՐԹԻԶԼԵԱՆ

 

Մհերի անձին մէջ տիրական էր գաղափարապաշտ մարդու գիծը: Ըլլա՛յ անհատական իր կեանքը, ըլլա՛յ դաշնակցական իր կեանքը, լաւագոյն օրինակներն էին այս հաստատումին: Կը մերժէր միջակութիւնը ու կը ձգտէր լաւագոյնին: Սկզբունքը իրեն համար կարմիր գիծ էր, որուն առջեւ որեւէ զիջում էր սեփական անհատականութենէն: Բուռն կերպով կը ձաղկէր հոս ու հոն երեւցող տկարութիւնները, կը մերժէր սուտն ու կեղծիքը, ծուլութիւնը, շահամոլութիւնը, կը մերժէր ու կը պայքարէր բոլոր անոնց դէմ, որոնք հանրային հասարակական մեր կեանքը ագարակի տրամաբանութեամբ կ՛ուզէին վարել:

Գերազանցապէս գործի մարդ էր ան: Իրակա՛ն գործի` բարեբախտաբար: Հեռու աղմուկէ, քարոզչութենէ, ցուցադրական ելոյթներէ, ան կը հաւատար գործին սկիզբին ու մեկնակէտին:

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )