Թերաճ Իրականութիւն

ՊԵՐՃ Թ.

Վերջին տասնամեակներուն թէ Եւրոպայի եւ թէ՛ Երրորդ աշխարհի երկիրներուն մէջ թափ առած ընկերվարական շարժումներն ու անոնց արձանագրած ժամանակաւոր յաղթանակները մտածել կու տան, թէ արդեօք միջազգային քաղաքականութիւնը նոր փուլի մը կը մօտենա՞յ, եւ թէ արդեօք իրապէս հասա՞ծ է դրամատիրութեան անկման դարաշրջանը, թէ՞ ոչ: Եւրոպայի մէջ կատարուածը կը թուի ըլլալ պարզապէս քաղաքական աթոռախաղ մը: Վերջին հարիւրամեակին, երբ Եւրոպայի մէջ սանձարձակօրէն տարածուեցաւ դրամատիրական տնտեսական ու գաղափարական համակարգը, ընկերվարական կուսակցութիւնները ա՛լ աւելի դարձան պատեհապաշտ ու հաշտուողական, քան` յեղափոխական, փորձելով քաղքենիութեան հիմնադրած կառոյցներուն մէջ խորհրդարանական ու երբեմն ալ նախագահական ընտրութիւններուն բաժին ստանալ, պատեհապաշտութիւնը հիմք ունենալով` իբրեւ գործելաոճ եւ զայն պարտադրելով աշխատաւոր դասակարգին: Եւ հակառակ անոնց մինչեւ օրս արձանագրած յաղթանակներուն` թէ՛ նախագահական եւ թէ խորհրդարանական ընտրութիւններուն, անոնք մնացին ծառայ տեղական կամ միջազգային դրամատիրութեան: Այսօր նաեւ հերթական ձեւով յաղթանակ արձանագրած պետական ընկերվարական կուսակցութիւնները անկարող են տնտեսական ու քաղաքական ազատութեան յոյս ներշնչելու աշխատաւոր դասակարգին:

Ինչ կը վերաբերի Երրորդ աշխարհի ձախակողմեան կուսակցութիւններուն եւ դրամատիրական համակարգերուն, մէկ խօսքով` Երրորդ աշխարհի դասակարգային պայքարին, որ կը թուի ըլլալ հիմնական գործելադաշտ (հակառակ արտաքին քաղաքական ներթափանցումներուն ու անոնց քաղաքական ու տնտեսական միջամտութիւններուն), հարկ է նշել քանի մը կարեւոր խնդիրներ, նուազագոյն ձեւով ընկալելու եւ հասկնալու մեր երկրին մէջ համեստօրէն թափ առած դասակարգային պայքարը, անոր հետեւանքները եւ ճիշդ գնահատելու մեր կարողութիւններն ու այդ գործին ատակ մարդիկը:

Ա.- Երրորդ աշխարհին դրամատիրութիւնը պարտադրուած
համակարգ է եւ ոչ` բնականօրէն զարգացած

Եւրոպայի ճարտարարուեստական յեղափոխութեան ժամանակաշրջանին արտադրողական համակարգի զարգացման հրամայականով ծնունդ առած քաղքենիութիւնը օրուան ազնուականներուն ու հողատէրերուն յաղթելու նպատակով որդեգրեց նոր գաղափարախօսութիւն մը` ազատականութիւնը ողնածուծը` այսօրուան դրամատիրութեան: Այդ ժամանակաշրջանին սուր պայքար կը մղուէր աւանդական դասակարգին, որ նաեւ իշխող դասակարգն էր, եւ նոր արդիական դասակարգին միջեւ: Նոր դասակարգը (քաղքենիութիւնը) կը խոստանար պարգեւել մարդկային իրաւունքներ, քուէի իրաւունք, խօսքի, գրչի եւ, վերջապէս, գործի ազատութիւն: Այդ օրերուն քաղքենիութիւնը կը նկատուէր յառաջադէմ եւ առաջատար դասակարգ, որ իր դասակարգային շահերը պաշտպանելու նպատակով դիմեց այդ քայլին եւ ապագային թեւակոխելով կայսերապաշտութեան դարաշրջանը` դարձաւ ամբողջատէր: Մէկ խօսքով, Եւրոպայի մէջ զարգացած քաղքենիութիւնը իր պատմական փորձառութենէն ու աւանդութենէն մեկնած` կը յարգէ հասարակական, քաղաքական ու տնտեսական սկզբնական ազատութիւնները մինչեւ այն ժամանակ, որ այդ ազատութիւնները չեն սպառնար իր դասակարգային շահերուն ու գոյութեան:

Սակայն Երրորդ աշխարհի դրամատիրական համակարգը ոչ միայն չէ ունեցած անցեալ, այլ հիմնադրուեր, կամ աւելի ճիշդ` պարտադրուեր է միջազգային քաղքենիութեան միջոցով զանոնք դարձնելով սպառողական շուկայ` ա՛լ աւելի կեղեքելու նպատակով: Տրուած ըլլալով, որ վերոյիշեալ պետութիւններու դրամատիրական համակարգը բնականօրէն չէ զարգացած, հակառակ Եւրոպայի օրինակին, ուրեմն նաեւ չունի խօսքի ու գրչի, մարդկային իրաւունքներու ու առհասարակ սկզբնական ազատութեան համար պայքարի աւանդութիւն, եւ` սովորաբար իրաւունքներու համար պայքարող անհատներ եւ կուսակցութիւններ հանդուրժելու տարողութիւն: Նաեւ, տրուած ըլլալով, որ նմանօրինակ քաղքենիութիւնը ստեղծուած է հրամայական կարգավիճակով եւ զուրկ է արտադրողական միջոցներէ ու կը ստեղծէ միայն սպառողական նախնական իրեր, երրորդ աշխարհի թերաճ դրամատիրութիւնը երբեք չի կրեր լայնատարած զարգացում` տեւաբար կախեալ ըլլալով միջազգային դրամատիրութենէն, եւ սահմանափակ յառաջխաղացքէ մը ետք ինքզինք կը մատնէ տնտեսական զանազան տագնապներու:

Բ.- Դրամատիրական համակարգի
բարեկարգութիւնը հնարաւոր չի թուիր

Մինչ թերաճ քաղքենիութիւնը չունենալով պայքարի աւանդութիւն, դժուարօրէն կ՛ընդունի բարեկարգումի գաղափարը, զարգացած դրամատիրութիւնը ընդհանրապէս բոլոր հասարակական ու քաղաքական շարժումներու աշխատանքը կը հանդուրժէ, երբ վերջինս կը մնայ հասարակական եւ սովորական իրաւունքներու սահմաններուն մէջ: Իսկ երբ հարցը կը վերաբերի արմատական փոփոխութիւններու, դասակարգային յեղափոխութեան, հարստութեան արդար բաժանման, արդարադատները կը հանդիպին իշխող համակարգի խիստ հակահարուածին, տրուած ըլլալով, որ այդ մէկը ուղղակիօրէն կը սպառնայ դրամատէրերու շահերուն ու գոյութեան:

Այս հակադրութենէն մեկնած` կարելի է ըսել, թէ մարդը մարդուն շահագործելու համակարգն ու դասակարգային խտրականութիւնը ոչնչացնելու համար հարկաւոր են յեղափոխութիւններ, եւ այդ հարցին լուծումը չի կայանար դասակարգային հաշտութեան մէջ, երբ երկուքը ամբողջութեամբ կը հակադրուին իրար:

Գ.- Պետականացման վտանգներ

Ընկերային արդար համակարգ ստեղծելու դասական եւ անմիջական ձեւ նկատուած է տնտեսական արդիւնաբեր կեդրոններու եւ ընկերութիւններու պետականացումը` դուրս գալու համար մենաշնորհութեան երեւոյթէն: Այս մէկը կարելի է համարել միջազգային դրամատիրութեան դէմ պայքարի առաջին փուլ: Բայց արդեօք նմանօրինակ պետականացումներ առանցքային դեր ունի՞ն ընկերվարական գործընթացին մէջ: Ընկերվարական յեղափոխութեան սկզբնական շրջանի ընթացքին գերտէրութիւններու դրամատիրութեան յաղթելու նպատակով կարեւոր դեր ունի տեղական արդիւնաբերական ու առհասարակ արտադրողական համակարգի պետականացումը, բայց ուշադիր ըլլալով այն իրողութեան, որ հնարաւոր չէ կանգ առնել այդ փուլին եւ պէտք է փորձել իրականացնել այդ արտադրողական միջոցներու համայնացում: Ինչո՞ւ: Որովհետեւ մինչեւ տեղական արդիւնաբերական միջոցներու ազգայնացումը, ընկերվարականներու զուգահեռ, եւ անգամ` աւելի աշխուժ, պիտի աշխատի տեղական քաղքենիութիւնը, ազգային պիտակներով, իրականութեան մէջ յանուն իր դասակարգային  շահերուն: Նեցուկ կանգնելով այս գործընթացին` տեղական դրամատիրական համակարգը կառավարութեան թաթին տակ խտացնելով նիւթական բոլոր աղբիւրները եւ իր տրամադրութեան տակ ունենալով քարոզչական բոլոր միջոցները` կարելիութիւնը պիտի ունենայ աւելի ամրապնդելու իր մենաշնորհները, բլորովին անկախ ըլլալով միջազգային դրամատիրութենէն:

Դ.- Ընկերվարութիւնը ոչ միայն բարոյական արժէք, այլ`
տնտեսական ու քաղաքական լուրջ համակարգ եւ գիտութիւն

Ընկերվարութեան սխալ մեկնաբանութիւնը (գիտակցաբար թէ անգիտակցաբար)  յաճախ հայեացքները կը շեղէ գիտական ընկերվարութենէն` փորձելով համոզել, որ իրական ընկերվարութիւնը միայն հասարակական արդարութեան, հաւասարութեան ու մարդկային իրաւունքներու պաշտպան շարժում է, եւ ոչ` տնտեսական ու քաղաքական գիտութիւն, որուն նպատակը դրամատիրական կարգերու, դասակարգերու ու սեփականատիրութեան ոչնչացումն է` յանուն հասարակութեան:

Վերջապէս, պէտք չէ թերագնահատել ձախակողմեան շարժումները, սակայն պէտք է միշտ յիշեցնել պատմութեան փորձերը, որոնք իրականացան Խորհրդային Միութեան օրերուն, ինչպէս նաեւ` եւրոպայի տարբեր երկիրներու մէջ, զգուշանալով պատեհապաշտութենէն, բարեկարգչութենէն եւ, ինչո՞ւ չէ, ֆաշականութենէն:

Գիտական ընկերվարական յեղափոխութիւնը ոչ թէ զանգուածներու ինքնաբուխ ըմբոստութիւնն ու ապստամբութիւնն է, այլ` գիտակից եւ ծրագրուած յեղափոխութիւն, որ նպատակ ունի ոչնչացնել մարդը մարդուն շահագործելու ներկայ դրամատիրական դասակարգային համակարգը:

Կարճ եզրափակում

Չխաբուինք ամէն մէկ ծածանող կարմիր դրօշէ, ըլլան անոնք կանաչ, նարնջագոյն թէ գունաւոր: Դասակարգային պայքարն ու ընկերվարութիւնը վերածուած են ծաղրանկարներու:

Լաւապէս ըմբռնենք անոնց արժէքներն ու գիտական ընթացքը` չդառնալու համար քաղքենիութեան լարած թակարդներուն զոհը:

Դժբախտաբար պատմութիւնը լի է ձախող, քան յաջող փորձերով:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )