Խորհրդածութիւն Արեւմտահայաստանի Հայոց Խնդրին Շուրջ

ՍԱՀԱԿ

Վերջին տարիներուն հայկական իրականութեան մէջ սկսած է տեղ գրաւել Արեւմտահայաստանի հողերուն վրայ բնակող հայերու հարցը: Յատկապէս մամուլի միջոցով մերթ ընդ մերթ կը հաղորդուինք «թաքուն հայեր»-ու, «իսլամացած հայեր»-ու, «քրտացած հայեր»-ու նիւթին:

Հայկական շրջանակներու մէջ, սակայն, այս հարցին հանդէպ կը մնայ որոշ թերահաւատութիւն մը, հեռաւորութիւն մը, կասկած մը, շուարում մը… «ի՞նչ կեցուածք պէտք է ունենալ այս հարցին նկատմամբ»: Եւ անհասկնալի չէ այս կացութիւնը: Ուրիշ ի՞նչ վերաբերում կարելի էր սպասել ժողովուրդէ մը, որուն համար արդէն տասնամեակներէ ի վեր հաստատուած իրողութիւն էր, թէ իր պապերուն հողերը պարպուած են հայերէ, թէ` «ջարդուողը ջարդուեցաւ, չջարդուողը քշուեցաւ»:

Այսուհանդերձ, սակայն, հայութեան գէթ քաղաքականացած խաւը պարտի այլեւս յստակօրէն տեսնել, թէ կայ իրականութիւն մը, որմէ կարելի չէ փախուստ տալ: Աւելին. կայ իրականութիւն մը, որուն ուղղութեամբ աշխատանք կը սպասուի այդ խաւէն:

Սխալ չմեկնաբանուելու համար աճապարանքով աւելցնենք, թէ նոյն այդ քաղաքականացած խաւը պէտք չէ ինքզինք յանձնէ չափազանցեալ խանդավառութեան եւ աճապարանքի ալիքներու, պէտք չէ «ջուրը չտեսած բոպիկնայ» եւ իրականութենէն հեռանայ այս անգամ հակառա՛կ ուղղութեամբ` աճապարանքով «Երկիրը հայերով լեցուն է», «Երկիրը մերն է» յայտարարելով, կամ` Թուրքիոյ մէջ հայկական ապստամբութիւն մը սրտատրոփ սպասելով: Այս` նախ «քաղաքականացած» կոչումին արժանի մնալու, ապա համատարած յուսախափութիւններէ ու թերեւս նաեւ անխոհեմաբար առիթը փախցնելէ հեռու մնալու համար:

Որպիսի՞ն է այդ իրականութիւնը: Փորձենք ուրուագծել զայն` մեր համեստ գիտելիքներէն մեկնած:

Իրականութիւնը պարզապէս կ՛ըսէ, թէ`

1.- Արեւմտահայաստանի հողերուն վրայ մնացած է հայերու որոշ թիւ:

2.- Այդ հայերը կ՛ապրին ինքնութեան պրպտումի ու վերականգնումի որոշ գործընթաց:

Առաջին կէտը խորացնելու կարիք չկայ. զայն վաւերացնելու համար բաւարար չե՞ն միթէ ցայժմ տարուած սկսնական պրպտումները եւ բացայայտումները. բաւարար չե՞ն մամուլով թէ համացանցով արտացոլուած Արեւմտահայաստանի որոշ հայերու պատմած ընտանեկան պատմութիւնները, պահած հայկական սովորութիւնները, բարբառը, երգերը, պատմական յիշողութիւնը, եւ այս բոլորին ականատես եղած «Էրկիր» այցելողներու վկայութիւնները:  Բաւարար չե՞ն Պոլիսէն կամ Հայաստանէն «Էրկիր» գացող եւ այդտեղ իրենց ազգականները գտնողներուն պատմութիւնները: Ընդունելու համար հայերու որոշ թիւի մը Արեւմտահայաստանի հողերուն վրայ մնացած ըլլալու իրականութիւնը, այո՛, բաւարար են: Թերահաւատութիւնն ալ, յամառութեան հետ կցորդուելու պարագային, անվե՛րջ դառնալու եւ իր կարգին մարդուս միտքը իրականութենէն հեռու պահելու կարողութիւնը կ՛ունենայ:

Երկրորդ կէտը պիտի արժէ աւելի մանրամասնել: Ինքնութեան պրպտումի ու վերականգնումի մը գործընթացը ներկայացնելու համար կեդրոնանանք երկու շրջաններու վրայ` առանց յայտարարելու սակայն, որ միմիայն այս երկու շրջաններուն յատուկ են հետեւեալ յատկութիւնները. առաջինը` Տէրսիմ, երկրորդը` Տիգրանակերտ:

Տէրսիմը, հայերէնով նաեւ կոչուած` Մնձուր, նոր անունով` Թունճելի, 7774 քառ. քմ տարածքով նահանգ մըն է, որուն 76699 (2010-ի տուեալներով) հաշուող բնակչութիւնը ջախջախիչ մեծամասնութեամբ կազմուած է պաշտօնապէս զազա ալեւի ճանչցուած ժողովուրդէ: Վերջին տարիներուն ալեւի ճանչցուած այս բնակչութեան մէջէն յայտնուած են անհատներ, որոնք յայտարարած են իրենց հայկական ծագման մասին եւ դատավարութիւններու իբրեւ արդիւնք` նոյնիսկ փոխած են իրենց անունը եւ վերամկրտուած` որպէս հայ քրիստոնեաներ: Այս շարժման ռահվիրաներէն է արդէն մամուլով հանրածանօթ Միհրան Փրկիչ, որ Պոլիս գալով` հիմնած է Տէրսիմի հայոց հայրենակցական միութիւնը (1) : Սոյն միութիւնը կը հետապնդէ Տէրսիմի հայերու հայկական ինքնութիւնը վերականգնելու նպատակը: Այսպէս, ան Տէրսիմի մէջ կը կազմակերպէ հայկական փառատօներ, որոնց կը մասնակցին նաեւ Հայաստանէն գացած  արուեստի խումբեր, օգնութիւն կը տրամադրէ տէրսիմցի այն անհատներուն, որոնք կը հետաքրքրուին իրենց արմատները պեղելով, իրենց ազգականները վերագտնելով, եւ այս կ՛ընէ յատկապէս յատուկ աշխատանք տանելով օսմանեան արխիւները մատչելի դարձնելու ուղղութեամբ (այդ արխիւներն են, որոնք կրնան հաստատել Թուրքիոյ քաղաքացի ոեւէ անհատի անցեալը): Տէրսիմի հայոց հայրենակցական միութեան այս գործունէութիւնը չի՞ յուշեր, թէ Արեւմտահայաստանի կարգ մը հայոց մօտ ինքնութեան պրպտումի եւ վերականգնումի գործընթացը, ինչ չափի ալ ըլլայ այդ, արդէն փաստացի իրականութիւն մըն է:

Ինքնութեան փնտռտուքի աշխուժացման գործընթացի նիւթէն փոքրիկ շեղում մը կատարենք` թիւերով հետաքրքրուող ընթերցողին փոխանցելու համար, թէ ըստ Տէրսիմէն լաւատեղեակ աղբիւրներու ենթադրութեան, տէրսիմցի ծագումով հայերը կը ներկայացնեն շրջանի բնակչութեան կէսէն աւելին: Առանց բացառելու այս տեղեկութեան ճշդութեան կարելիութիւնը` շեշտենք, թէ կը մնանք չափազանցեալ խանդավառութեան եւ ինքնավստահութեան չտրուելու մեր կեցուածքին վրայ: Այո՛, այսպիսի ենթադրութիւն մը կրնայ եւ պէ՛տք է խանդավառէ, պայմանաւ որ նոյն այդ ենթադրութիւնը ստուգելու եւ զայն գիտականօրէն ճշդելու՛, զայն իրական տեղեկութեա՛ն վերածելու մղող խանդավառութիւն մը ըլլայ այդ:

Անցնելով քրտաբնակ Տիգրանակերտ (այսօր` Տիարպեքիր)` կը գտնենք նմանօրինակ կացութիւն մը: Երկու տարի առաջ վերանորոգուած Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ շուրջ փաստօրէն հաւաքուած է որոշ հայութիւն մը: Աւելի՛ն, սակայն, Տիգրանակերտի մէջ ընթացած է հայոց լեզուի դասընթացք մը, որուն երկու դասաշրջաններու ընթացքին հետեւած են յաջորդաբար 40-ի եւ 70-ի մօտ տեղացի հայ աշակերտներ (մանուկներ եւ տարեցներ): Կ՛ըսուի, թէ դասընթացքները այս տարի դադրած են, դժբախտաբար, ուսուցիչի բացակայութեան եւ նիւթական դժուարութիւններու պատճառով: Տիգրանակերտի մէջ որոշ հայեր արդէն չեն վարանիր իրենց զաւակներուն տալու հայկական-քրիստոնէական անուններ (եւ ինչո՞ւ վարանին, եթէ իրենց քաղաքին մուտքի պաստառին վրայ գրուած է հայերէն ու հայատառ «Բարի եկաք» մը…): Այս բոլորը կը հաստատեն հայկական թէ օտար լրատումիջոցներ, ինչպէս նաեւ` Տիգրանակերտ այցելած հայեր: Հայոց լեզուի դասընթացքներու հետեւող հայերու գոյութիւնը մեր նշած ինքնութեան պրպտումի ու վերականգնումի գործընթացը ցոյց չի՞ տար, տեղի հայութեան որոշ աշխուժացում մը չի՞ մատներ: Տակաւին, տեսնելով այն իրականութիւնը, որ  Տիգրանակերտի Սուր շրջանի քաղաքապետարանի ուղղակի աջակցութեամբ է, որ իրականացած են թէ՛ Ս. Կիրակոսի նորոգութիւնը եւ թէ՛ հայոց լեզուի դասընթացքները, կարելի է հարց տալ, թէ արդեօ՞ք Տիգրանակերտի հայութիւնը որոշ չափով կայացած եւ համախումբ վիճակ մը կը ներկայացնէ, որ շրջանի ղեկավարութեան կը յաջողի ներկայանալ իր ուրոյն խնդրանքներով եւ ծրագիրներով… Հակառակ անոր որ տիգրանակերտցի հայեր ալ անպաշտօն մակարդակի վրայ այս վարկածին ջուր լեցնող որոշ մանրամասնութիւններ կը յայտնեն, մենք հաւատարիմ մնալով իրատեսական մօտեցում ունենալու մեր հակումին` շեշտենք, որ առայժմ կարելի է միմիայն հարց տալ այդ մասին, ոչ թէ հաստատել զայն… այնուամենայնիւ, սակայն, ուսումնասիրութիւն եւ գործ պահանջող ազդակ մը չէ՞ այս թէկուզ անյստակ եւ պղտոր իրականութիւնը…

Ինչպէս ըսինք նախապէս, այնպէս չէ, որ այս երեւոյթները կը սահմանափակուին միմիայն Տիգրանակերտով եւ Տէրսիմով. Ա՛յլ լայն եւ իւրայատուկ դաշտ մըն է Սեւ ծովու ափին Համշէնը` իր տարբեր երեւոյթներով, ուրի՛շ հետաքրքրական երեւոյթ մըն է «IMC» հեռատեսիլի կայանին «Gamurç» (Կամուրջ) հայկական ծրագիրը, որ կը փորձէ կամրջել, զիրար կապել Արեւմտահայաստանի տարածքին գտնուող հայերը. Տակաւին կը խօսուի նաեւ Սասնոյ մէջ մնացած որոշ հայ գիւղերու գոյութեան մասին, «Սասնոյ հայերու միութեան» մասին… եւ կարելի է առաւել կամ նուազ չափով յատկանշական տեղեկութիւններու եւ երեւոյթներու շարքը երկարել…

Այսպէս, ուրեմն, իրականութիւն է, որ Արեւմտահայաստանի մէջ կան հայեր, եւ անոնք սկսած են ապրիլ ինքնութեան պրպտումի եւ վերականգնումի որոշ գործընթաց մը, որ անշուշտ  երկար ճամբայ ունի կտրելիք տակաւին:

Տեսնե՛նք ուրեմն այս իրականութիւնը եւ ընդունինք զայն իրատեսօրէն` ո՛չ նուազ եւ ո՛չ ալ աւելի չափերով:

Ընդունինք այդպէս` անցնելու համար անկողմնակալօրէն գործելու կարելիութիւնները սերտելու:

*************************

Այս տակաւին պղտոր իրականութեան ի տես հայութիւնը, սփիւռք եւ Հայաստան, ընելիք ունի՞. այո՛, վստահաբար:

Առաջին ընելիք`  իրականութեան յաւելեա՛լ պրպտումը, զննումը, պարզումը:

Արեւմտահայաստանի հայոց այս հարցի ուղղութեամբ գործնական համապարփակ ռազմավարութիւն մշակելէ առաջ, անպայմանօրէն պէտք է կատարել խորունկ ուսումնասիրութիւն, «Էրկրի» հայերուն (իսլամացած, քրտացած, թաքուն…) իրականութիւնը պարզող եւ բացատրող գիտական վերլուծութիւն:

Այդ ուսումնասիրութիւնը ունենալու է երկու հիմնական առանցքներ. քանակականը եւ որակականը:

Ա.- Քանակականը

ՊԷտք է ձգտիլ Արեւմտահայաստանի հայերու կարելի եղածին չափ ճշգրիտ քանակական պատկեր մը կազմելու:

Բաւական լայն է այս ուսումնասիրութեան դաշտը: Ցեղասպանութենէն ետք ի՞նչ թիւով հայեր մնացին Արեւմտահայաստանի մէջ: Ցեղասպանութենէն անմիջապէս ետք կրկին իրենց շրջանները վերադարձողներուն թիւը որքա՞ն էր (արդեօք կարելի՞ է գիտնալ, օսմանական արխիւները կը վկայե՞ն այդ մասին): Վերադարձած կամ սկիզբէն այդտեղ մնացած հայերու հետագայ արտագաղթներու կամ ներքին տեղաշարժներու մասին տեղեկութիւններ կա՞ն արդեօք: Այսպիսի պատմաբանական հարցումներու պատասխաններուն վրայ հիմնուելով` այսօր ի՞նչ թիւով եւ ո՞ր շրջաններուն մէջ հայութեան կամ հայկական արմատներ կրող բնակչութեան գոյութիւն կարելի է ակնկալել: Հարցումներու այս շարքը վստահաբար կարելի է աւելի երկարել եւ  մասնագիտականացնել տակաւին, բայց բաւարարուինք այս քանի մը նմուշով` պարզապէս  յստակացնելու համար մեր միտքը:

Քանակական այս բաժնի ուսումնասիրութեան համար հարկաւոր է յատկապէս մէկ կողմէն պատմագէտներու ներգրաւումը` պեղելու համար պատմութեան էջերուն մէջ թաղուած տեղեկութիւնները, միւս կողմէն` իրաւաբաններու ներգրաւումը, որոշ դժուարահաս տեղեկութիւններ ձեռք ձգելու ուղղութեամբ համապատասխան իրաւական աշխատանքը տանելու համար (այստեղ իբրեւ օրինակ յիշենք կարեւորութիւնը օսմանեան արխիւներուն, զորս Թուրքիա կը դժուարանայ բանալ: Անոնց բացայայտումներով է, որ կարելի պիտի ըլլայ աւելի մօտենալ այսօրուան քանակական պատկերին` պեղելով այժմու բնակչութեան անցեալն ու արմատները…): Իսկ ծինային ժառանգութեան ուսումնասիրութիւններ կատարելը թէեւ կրնայ բաւական օգտակար ըլլալ, սակայն որքանո՞վ իրականանալի աշխատանք մըն է այդ արդեօք: Կը դժուարանանք պատասխանելու: Կը կարօտինք դարձեալ մասնագէտներու պատասխանին… Վերջապէս, բնականաբար քաղաքական աշխատանքի կարիքը եւս կրնայ յայտնուիլ վերոյիշեալ աշխատանքային մարզերուն ճամբաները հարթելու համար:

Բ.- Որակականը

Քանակականէն բացի, կայ այլ կարեւոր ուսումնասիրութեան ճիւղ մը, որ բաժին կ՛իյնայ մասնաւորապէս ընկերային գիտութեանց մասնագէտներուն` ընկերաբաններ, մշակութաբաններ, մարդաբաններ, ազգաբաններ, ընկերային հոգեբաններ եւ այլն…

Այստեղ նաեւ բազմազան են տարրական կարեւորութիւն ունեցող հարցումները, որոնք դարձեալ կը կարօտին մասնագիտական մօտեցումի: Ինչպիսի՞ն է այս մարդոց ինքնութենական վիճակը, ինչպիսի՞ն է մշակութայինը, կրօնական բարոյական աշխարհահայեա՞ցքը, ի՞նչ են իրենց կարիքները, ի՞նչ են իրենց ակնկալութիւնները, փափաքները: Կ՛ուզե՞ն հայանալ, ինչո՞ւ կ՛ուզեն, մինչեւ ո՞ւր կ՛ուզեն, ի գին ինչի՞ կ՛ուզեն. Ապա` բոլոր այս բնագաւառներուն մէջ միատեսա՞կ են բոլոր այդ մարդիկ` իրար մէջ ինչպիսի՞ տարբերութիւններ ունին տարբեր շերտաւորումները` ալեւիացած հայերը, քրտացած հայերը, թաքուն քրիստոնեայ մնացած հայերը, Ցեղասպանութեան ատեն իսլամացած հայերը, դարեր առաջ իսլամացած Համշէնահայերը, տակաւին` ծինային առումով «կէս», «քառորդ» կամ «զուտ» հայերը…

Արժէ այստեղ կրկի՛ն շեշտել անկողմնակալ եւ գիտական մօտեցման կարեւորութեան վրայ: Այսպիսի ուսումնասիրութիւններու պարագային, անոնց ի նպաստ հայերուս դուրս գալու մեր փափաքը պէտք չէ մեզ հեռացնէ իրատեսութենէն եւ, հետեւաբար, իրականութենէն: Ընկերային-մշակութային այս ուսումնասիրութիւնները պէտք չէ ուժով հրել դէպի մեր ուզած արդիւնքները: Վերջապէս, խնդրին ճիշդ մօտենալու համար պէտք է հասկնալ նաեւ, որ այդ մարդոց հարցը նախ եւ առաջ մարդկային է, ինքնութենական է, ազգային ըլլալէ առաջ:

Ուսումնասիրութեան այս երկրորդ առանցքը հիմնական է ճշդելու համար թէ՛ Արեւմտահայաստանի հայերուն կարիքներն ու ուզածը, թէ՛ մեր ընելիքը եւ թէ՛ մեր` անոնց հետ ունենալիք յարաբերութիւններուն բնոյթը:

Այստեղ դարձեալ, ինչպէս ամէն տեղ, քաղաքական աշխատանքի կարիք կրնայ ըլլալ վերոյիշեալ ուսումնասիրութեանց ճամբան հարթելու համար:

Ուսումնասիրութեան այս զոյգ ուղղութիւններով հայութիւնը պարտի աշխատիլ իրմէ արհեստականօրէն անջատուած հողերուն վրայ բնակող, իրմէ արհեստականօրէն հեռացուած ժողովուրդին իրականութիւնը ճանչնալու ուղղութեամբ:

Երկրորդ ընելիք` գործնական օժանդակութիւն

Ուսումնասիրական աշխատանքը չ՛արգիլեր, որ անոր զուգահեռ գործնական օժանդակութեան որոշ աշխատանքներ տարուին, կարելիութեան սահմաններուն մէջ անշուշտ: Խօսքը այստեղ ընդհանուր ռազմավարութենէ մը առաջ որոշ մասնակի եւ յատուկ աշխատանքներու մասին է. Տիգրանակերտի նման կացութիւններու պարագային, երբ արդէն յստակ է, որ կան հայեր, որոնք իրենց ինքնութեան «կռիւ»-ին մէջ այնքան մը յառաջացած են որ արդէն որոշած են հայերէնի դասընթացքներու հետեւիլ, ապա այսպիսիներու փափաքներու իրականացման ուղղութեամբ գործնական քայլերու կարելի է դիմել: Նմանապէս, Տէրսիմի հայոց հայրենակցական միութեան կողմէ դրուած նպատակներուն եւ որդեգրուած աշխատանքներուն նեցուկ կանգնիլը գործնական այլ կարելիութիւն մըն է:

Կարելի չէ գործունէութիւնը առանձնացնել միայն ուսումնասիրութեան մակարդակի վրայ, երբ տեղի հայութենէն որոշ մասնիկներ, մեզի բաւարար ծանօթ թէ ոչ, արդէն գործնականի անցնելով` սկսած են աշխատիլ դէպի հայացում:

Երկու գործունէութիւնները պէտք է վարել միաժամանակ եւ հաւասարակշռուած ձեւով: Նաեւ պէտք է նկատի առնել, որ մէկուն միջոցով կատարուած կ՛ըլլայ նաեւ միւսը: Երբ կ՛ուսումնասիրես, կը կարողանակաս աւելի ու աւելի նպատակայարմար գործնական որոշումներ կայացնել. Միւս կողմէ, երբ գործնական աշխատանք կը տանիս, այդ ընթացքին յարաբերութեան մէջ մտնելով դիմացինիդ հետ` նաեւ ուսումնասիրած եւ աւելիով ճանչցած կ՛ըլլաս զինք:

Երրորդ ընելիք` Յարաբերութիւն այլ կողմերու հետ

Արեւմտահայաստանի մէջ ապրող հայութեան հետ տարուելիք աշխատանքին համար հարկաւոր է յարաբերութիւն նաեւ անոնց ուղղակի թէ անուղղակիօրէն առնչուող հայ թէ օտար այլ կողմերու հետ:

Անոնք են, հիմնականին մէջ, պոլսահայութիւնը, որ բնականաբար խաղալիք դեր ունի այս հարցի ուղղութեամբ (չմոռնանք նաեւ, որ պոլսահայ Հրանդ Տինքն ու իր «Ակօս»-ն էին, որ ռահվիրայի աշխատանք տարին այս հարցի բարձրացման ուղղութեամբ) եւ քիւրտերը, որոնք ընդհանրապէս անմիջական դրացիներն են Արեւմտահայաստանի մէջ ապրող հայերուն, (եւ, ինչո՞ւ չէ, շատ յաճախ նոյնիսկ` անոնց ազգականները…) եւ տեղական ուժն են այդ շրջաններուն: Բացի այս երկուքէն կայ նաեւ, որքան ալ փոքր ըլլայ ան, թուրք հասարակութեան եւ յատկապէս մտաւորականութեան մէջ այն յառաջադէմ տարրը, որ չենք ըսեր, թէ մեր իրաւունքներու պաշտպանն է ու մեր փրկութիւնը, բայց կը կարծենք, թէ պէտք է ճանչնալ զայն նաեւ, հասկնալ անոր ուզածն ու փնտռածը, յարաբերիլ անոր հետ` փորձելով հնարաւորինս օգտուիլ անկէ եւս:

Այսպէս, այս բազմակողմանի յարաբերութիւնները պէտք է որ նպաստեն առաջին եւ երկրորդ աշխատանքներուն (իրականութեան յաւելեալ բացայայտման եւ գործնական օժանդակութեան աշխատանքներուն):

*********************

Ընդհանուր կէտերով ներկայացուած այս սեղմ մտածում-առաջարկը ընթերցողին աչքին տրամաբանական-համոզիչ կը թուի թէ ոչ` մէկ խնդիր է. ուրի՛շ խնդիր է սակայն, թէ հայութիւնը (սփիւռք եւ Հայաստան) Արեւմտահայաստանի եւ այնտեղ գտնուող հայութեան ուղղութեամբ մտածելիք եւ ընելիք շա՛տ ունի: Վերջինս անվիճելի է մեր կարծիքով:

Հաւանաբար մտածող ըլլայ, որ մեր կարողութիւններէն վեր է աշխատիլ ե՛ւ Հայաստանի, ե՛ւ Արցախի, ե՛ւ Ջաւախքի, ե՛ւ Արեւմտահայաստանի, ե՛ւ սփիւռքեան գաղութներու բարօրութեանց ուղղութեամբ:

Ռազմավարական առաջնահերթութիւններ ճշդելը բնական է անշուշտ: Բայց կարելի չէ փախուստ տալ, կարելի չէ թէկուզ մէկ տարիով ամբողջովին լքել ու մտքէ հանել այս ապրո՛ղ հիմնախնդիրներէն եւ որեւէ մէկը:

Եթէ մեր կարողութիւններէն վեր է այսքան ուղղութիւններու վրայ աշխատիլը, ապա ուրեմն պարզ է պէտք է աշխատիլ բարձրացնել մեր կարողութիւնները:

 

(1) Տէրսիմի հայոց հայրենակցական միութեան կայքէջը  www.dersimermeni.com

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )