Թուրքիոյ Իշխող Կուսակցութիւնը Ուաշինկթընի Կողմէ Էրտողանի Յայտարարութեան Դատապարտումը «Անիմաստ» Կը Նկատէ

Սալիհ Քափուսուզ

«Թուտէյզ Զաման» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան փոխնախագահ Սալիհ Քափուսուզ «Թուիթըր»-ի իր հաշիւին վրայ գրած է, որ «Միացեալ Նահանգներ իբրեւ Իսրայէլի պաշտպան փաստաբանը վարուեցան եւ դատապարտեցին Իսրայէլի վերաբերեալ Էրտողանի յայտարարութիւնները: Մինչեւ հիմա (Եգիպտոսի մէջ) յեղաշրջումը չդատապարտած Միացեալ Նահանգներու կողմէ կատարուած յայտարարութիւն մեզի համար անիմաստ է»:

Յիշեցնենք, որ Էրտողան յայտարարած էր, որ Թուրքիա փաստ ունի, թէ Մուրսիի իշխանութեան տապալման մէջ Իսրայէլ դեր ունի:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )