«Վրաստան Պատրաստ Է Զինուորական Մարզին Մէջ Համագործակցելու Ռուսիոյ Հետ» Կ՛ըսէ Ալասանիա

Իրաքլի Ալասանիա

«Կրուզիա օնլայն» կը հաղորդէ, որ Վրաստանի պաշտպանութեան նախարար Իրաքլի Ալասանիա, որ այժմ Ուաշինկթըն կը գտնուի, յայտարարած է, որ Վրաստան կը փափաքի Ռուսիոյ հետ համագործակցութիւնը վերականգնել նաեւ զինուորական մարզին մէջ, սակայն ատոր համար տակաւին համապատասխան պայմաններ չկան:

Ալասանիա` պատասխանելով ռուսական ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան թղթակիցին հարցումին, յայտնած է, որ «մենք (Ռուսիոյ հետ) զինուորական համագործակցութեան նկատմամբ դրականօրէն տրամադրուած ենք, սակայն այժմ այդ մասին խօսելու համար կանուխ է»:

Նախարարը նշած է, որ այժմ Թիֆլիսի եւ Մոսկուայի իրաւապահ մարմիններուն միջեւ համագործակցութիւն կայ միայն ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ծիրին մէջ, ներառեալ` 2014-ին Սոչիի Ողիմպիական խաղերու անվտանգ կայացման հարցին մէջ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )