ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Անուշ Հայրենիք» Ճամբարը Մարտունիի Մէջ

12-22 օգոստոսին Լեռնային Ղարաբաղի Մարտունի քաղաքին մէջ 7-16 տարեկան 186 պատանիներ մասնակցեցան ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան կազմակերպած «Անուշ հայրենիք»  ճամբարին:  Արդէն երկրորդ տարին ըլլալով, ԼԵՄ-ականները այս ճամբարը կը կազմակերպեն Մարտունի քաղաքին մէջ: Այս տարի ճամբարը նուիրուած էր Մհեր Ջուլհաճեանի եւ Լիզպոնի 5 տղոց յիշատակին: Ճամբարականներուն առօրեան կ՛ընթանար ըստ նախապէս մշակուած օրակարգին` դրօշակի արարողութիւն, դասախօսութիւններ` հայրենասիրական, դաստիարակչական նիւթերով, ազգային -յեղափոխական երգերու ուսուցում, մարզանք եւ այլն:

«Ապարաժ»-ի լրագրող Արմինէ Նարինեան կը գրէ, թէ այս նպատակով Լիբանանէն Արցախ եկած են  5  երիտասարդներ, որոնք ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան  երիտասարդներուն հետ կազմակերպած են պատանեկան եւ երիտասարդական  ճամբարը:

Ճամբարի պատասխանատու Մարիա Չոքաքլեան արդէն  երրորդ անգամ ըլլալով հայրենիք կ՛այցելէ. ան համոզուած է, որ ամէն անգամ հայրենիք գալէ ետք աւելի ու աւելի դժուար կ՛ըլլայ Լիբանան վերադառնալը:

 «Մեր նպատակը պատանիներուն  մեր գիտցածը սորվեցնելն է, բնականաբար մենք եւս շատ բան կը սորվինք իրենցմէ: Մարտունիի մէջ շարունակական պիտի ըլլայ ճամբարներու կազմակերպումը», նշած է  Չոքաքլեան:

Րաֆֆի Թասլաքեան ուրախ է, որ իր կեանքի առաջին ճամբորդութիւնը եղած է դէպի Հայաստան: «Ծնած ու մեծցած եմ Այնճար, սակայն միշտ երազած եմ  գալ  Հայաստան, Արցախ  եւ տեսնել հայրենիքը իմ աչքերովս: Հոս զարմանալի հանգստութիւն կայ, հոգիդ տեսակ մը կը խաղաղի, ամէն ինչ իմս է, մեծ փափաք ունիմ համալսարան աւարտելէ ետք վերադառնալու հայրենիք եւ հոս ապրելու», ըսած է Թասլաքեան:

22 օգոստոսին Մարտունիի Մշակոյթի պալատին մէջ տեղի ունեցած է  ճամբարի փակման հանդիսաւոր արարողութիւնը: Երեխաները ներկայացուցած են ճամբարի 10 օրերուն ընթացքին իրենց սորվածը` ազգային յեղափոխական երգեր,  ագզային, ժողովրդական  պար, ասմունք եւ այլն:

Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Սարգսեան. որ ելոյթ ունեցած է ճամբարի փակման արարողութեան ընթացքին, կարեւոր նկատած է նման նախաձեռնութիւններու կազմակերպումը Արցախի մէջ: «Ընդամէնը 5 երիտասարդներ եկան ու կազմակերպեցին այս ճամբարը` կազմակերպչական  բաւական բարձր մակարդակ ապահովելով. ասիկա ցոյց կու տայ, որ փոքր թիւով մարդիկ, որոնք ընդհանուր նպատակ ու գաղափարախօսութիւն ունին, կրնան մեծ գործեր կատարել: Կ՛ուզեմ շնորհաւորել մեզ բոլորս, որ արդէն երկրորդ տարին է,  այստեղ` Մարտունիի մէջ, կ՛ամրապնդուի միասնութիւնը սփիւռքահայ  ընկերներուն եւ մեր միջեւ», նշած է Արմէն Սարգսեան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )