Կիւլ Վրաստանի Տարածքային Ամբողջականութեան Ու Եւրոատլանտեան Համարկման Աջակցութիւն Կը Յայտնէ

Ապտիւլլա Կիւլ

«Կրուզիա օնլայն» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ աջակցութիւն յայտնած է Վրաստանի տարածքային ամբողջականութեան եւ Վրաստանի` Եւրոպական Միութեան ու ՕԹԱՆ-ի համարկման թեր արտայայտուած է:

Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը հաղորդէ, որ Կիւլ այդ կարծիքը յայտնած է Թուրքիոյ մէջ Վրաստանի նոր նշանակուած դեսպան Իրաքլի Քոփլանթածէի հետ հանդիպումին ընթացքին:

Կողմերը քննարկած են երկկողմանի յարաբերութիւններու լայն շրջանակ` ընդգծելով, որ Վրաստանն ու Թուրքիան բազմադարեայ գործընկերներ են:

Կիւլ յատկապէս կարեւոր նկատած է յարաբերութիւններու զարգացումը տնտեսութեան, ուժանիւթի, առեւտուրի, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան մարզերուն մէջ: Ան խոստացած է աջակցիլ նոր դեսպանին` երկկողմ յարաբերութիւններու խորացման հարցին մէջ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )