«Ազատ Օր»-ի Գլխաւոր Խմբագիր Հռիփսիմէ Յարութիւնեան Պարգեւատրուեցաւ «Մայրենիի Դեսպան» Մետալով

Նախարար Յակոբեան եւ Հռիփսիմէ Յարութիւնեան

21 օգոստոսին Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընդունեց Յունաստանի «Ազատ օր» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Հռիփսիմէ Յարութիւնեանը: Ողջունելով հիւրը` նախարարը կարեւոր նկատեց «Ազատ օր»-ի գործունէութիւնը Յունաստանի մէջ հայկական ինքնութեան պահպանման իմաստով:

Յունաստանի մէջ հայկական մամուլին միջոցով մայրենի լեզուի անաղարտութեան պահպանման, ինչպէս նաեւ Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան զարգացման աշխատանքներուն մէջ ունեցած նշանակալի ծառայութիւններուն համար նախարար Հրանուշ Յակոբեան Հռիփսիմէ Յարութիւնեանը պարգեւատրեց սփիւռքի նախարարութեան «Մայրենիի դեսպան» մետալով:

Շնորհակալութիւն յայտնելով բարձր պարգեւին համար` Հ. Յարութիւնեան նշեց, որ «Ազատ օր»-ը Եւրոպայի մէջ միակ հայկական օրաթերթն է եւ հասանելի է բոլորին:

«Ազդակ»-ի խմբագրական կազմը կը շնորհաւորէ մեր պաշտօնակից «Ազատ օր»-ի խմբագիր Հռիփսիմէ Յարութիւնեանը` Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան պարգեւատրումին արժանանալուն համար:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (1)
  • Barkev Asadourian 10 years

    Սրտագին Ջերմ Շնորհաւորանքս «Մայրենի Դեսպան Մետալով»Պարգեւատրումի մաղթելով
    ձեզ կորով բարիգներ յառատեւելու լաւագոյնը Ս․Գործին Ի նպաստ Բովանդակ Հայ Ժողովուրդին․

  • Disqus ( )