Մօտենալու Պարագային Զինք Թշնամի Նկատելու Սաստումով`. «Տեղեկահաւաքի Բաժանմունքը Կը Շարժի Թրքական Ցուցմունքներով» Յայտարարեց Տանիէլ Շաայպ
«Տեղեկահաւաքի բաժանմունքը օրէնքէ դուրս է եւ ոչ մէկ արժէք կը ներկայացնէ մեզի համար», յայտարարեց Ազեզի մէջ գտնուող լիբանանցի ինը առեւանգեալներու ընտանեկան պարագաներու բանբեր Տանիել Շաայպ, երէկ սպառնալով տեղեկահաւաքի բաժանմունքի տարրերը թշնամի նկատել, «եթէ մօտենան մեզի»:
«Այս բաժանմունքը եւ անոր պետը յանձնառու են թրքական ցուցմունքներու կիրարկման», ընդգծեց Շաայպ` նշելով, որ առեւանգեալներու ծնողներուն մօտենալու պարագային մարդիկ բաժանմունքին դէմ պիտի շարժին:
CATEGORIES Լիբանանեան