Դանակոծումի Միջադէպ` Ռումիէի Բանտին Մէջ

Քանի մը հոգի վիրաւորուած են Ռումիէի բանտին մէջ պատահած բախումներուն պատճառով:

«Ազատ Լիբանանի ձայն» ձայնասփիւռի կայանը ականատեսներու հեռաձայնային մէջբերումներ ձայնասփռելով յայտնեց, որ բանտարկեալներուն միջեւ ծագած վէճերը յանգած են փոխադարձ դանակոծումի:

Ռումիէի բանտի պատկան մարմիններ հետաքննութիւն բացած են դէպքին դրդապատճառներուն եւ մանրամասնութիւններուն շուրջ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )