Պասիլ Զգուշացուց Գաղթականներու Հոսքի Ողողումի Հետեւանքներէն

Ժրայսաթի, Պասիլ եւ Պըրրի

«Որեւէ ֆինանսաւորումի նախաձեռնութիւն սուրիացի գաղթականներու վիճակի բարելաւման համար պիտի քաջալերէ նոր գաղթականներու Լիբանան հոսքը, ինչ որ պիտի վնասէ Լիբանանին», յայտարարեց ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ժպրան Պասիլ, երէկ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին տուած իր այցելութեան առիթով:

«Իշխանութեան երեք պետերուն տուած մեր այցելութեան լոյսին տակ կ՛ակնկալենք, որ պաշտօնական որոշում մը հրապարակուի եւ աշխատանք տարուի գաղթականներու թիւի նուազեցման գծով», ընդգծեց Պասիլ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )