Հետզհետէ Շեշտուող Ապահովական Զարգացումներուն Լոյսին Տակ. Անդորրութեան Հաստատման Ճիգերը Կը Շարունակուին` Երկպառակութեան Փորձերը Իրենց Ակունքին Մէջ Արմատախիլ Ընելու Խոստումով
Լիբանանեան զանազան շրջաններուն մէջ` Թրիփոլիէն, Արսալէն մինչեւ հարաւային Լիբանանի պաղեստինեան գաղթակայանները` անցնելով Պէյրութի հարաւային արուարձաններէն, բոլոր այս շրջաններուն մէջ վերջերս հետզհետէ սաստկացող ապահովական զարգացումները կը մտահոգեն քաղաքացիներն ու երկրի վարիչները` միաժամանակ խթան հանդիսանալով երկրի յատկապէս զինուորական եւ ապահովական վարիչներուն, քայլ առ քայլ հետեւելու իրադարձութեանց զարգացումներուն:
Արդարեւ, հակառակ մինչեւ սեպտեմբերի վերջերը նախատեսուող քաղաքական «գործունէութեան» տեղքայլին, իշխանութեան պետերուն երկրէն բացակայութեան թէ առնչակից նիստերու յետաձգման, ճիգերը կը շարունակուին մէկէ աւելի մակարդակներու վրայ` նպատակ ունենալով ահաբեկչութեան եւ միջլիբանանեան երկպառակութեան փորձերը իրենց սաղմին մէջ արմատախիլ ընելու հրամայականը:
Այս ծիրին մէջ ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել հանդարտեցուց քաղաքացիները` յայտնելով, որ ապահովական կառոյցներու միջեւ գործակցութիւնն ու համակարգումը իր գագաթնակէտին է ու կեդրոնացած է երկիրն ու քաղաքացիները վտանգէ զերծ պահող` կանխազգուշական ապահովութեան քաղաքականութեան վրայ: Ապահովական համապատասխան կառոյցներու պատասխանատուներու նիստի աւարտին կատարած իր յայտարարութեամբ Շարպել ընդգծեց, որ ապահովական համակարգումի ճիգերը կրնան նպաստել ականուած ինքնաշարժներու ռմբահարման կանխարգիլման, յատկապէս որ պատկան մարմինները որոշ ատենէ ի վեր կը հետապնդեն ինքնաշարժներ ականահարող կասկածելի ահաբեկչական խմբակներ:
Իր կարգին պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆայեզ Ղոսըն երէկ զգուշացուց, որ ապահովական վիճակը հասած է փափուկ եւ զգայուն հանգրուանի մը, որուն ընթացքին խօսքերու եւ կեցուածքներու արձակումը բաւարար չէ, այլ անհրաժեշտ դէպքերու մակարդակին յատուկ զգաստութիւն եւ պատասխանատուութիւն ցուցաբերել: «Ահաբեկչութեան դէմ պայքարը ներկայ հանգրուանի գլխաւոր խորագիրն է ու ապահովական կառոյցներու համայնքայնացումը կը վնասէ Լիբանանին, յատկապէս որ այս ահաբեկչութիւնը ոչ կրօն ունի ոչ համայնք», ընդգծեց Ղոսըն` նշելով, որ բանակը որոշ ատենէ ի վեր կը հետապնդէ ահաբեկչական բջիջները: Ան դրուատեց բանակի եւ ապահովական յարակից այլ կառոյցներու սերտ ճիգերը` կոչ ուղղելով նեցուկ կանգնելու անոնց եւ քաղաքական արգելքներ չյարուցելու անոնց դիմաց:
Երկրի անդորրութեան ու քաղաքացիներու ապահովութեան հսկելու իմաստով բանակին որդեգրած ապահովական միջոցառումներուն ծիրին մէջ, բանակը խստացուց իր հսկողութեան քայլերը յատկապէս Սայտայի պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին մուտքին` ի հարկին ցանկագրելով գաղթակայանի բնակչութեան ուտեստեղէն թէ կանաչեղէն ապահովող բեռնատար կառքերու թիւերն ու վարորդներու անունները:
Առնչակից վերլուծումներու ծիրին մէջ, լիբանանեան «Ժումհուրիա» օրաթերթը, ապահովական կառոյցներու վերջին նիստերու մթնոլորտին իրազեկ աղբիւրներու վերագրելով իր տեղեկութիւնները, յայտնեց, որ ապահովական պատկան մարմիններ տեղեակ են ու մօտէն կը հետապնդեն ականուած ինքնաշարժ մը, որ լարուած է` պայթելու համար լիբանանեան որեւէ շրջանի մէջ:
«Ժումհուրիա» այս գծով մէջբերեց ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպելի այն յայտարարութիւնը, թէ «տեղեակ ենք ականուած ինքնաշարժներու գոյութենէն, սակայն կը հանգստացնեմ լիբանանցիները, որ չվախնան, քանի մենք կ՛աշխատինք կրկնապատկելու մեր ճիգերը` երկպառակութիւնը իր սաղմին մէջ արմատախիլ ընելու համար»:
Նոյն ծիրին մէջ, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքը Ռուէյսի պայթումէն ետք առաջին անգամ բացայայտելով իր կեցուածքը ընդգծեց, որ շրջանային գաղտնի սպասարկութեան կառոյցներ գործի լծած են ահաբեկչական եւ ուրիշը անհաւատ նկատող տարրեր` օգտուելով եւ ընդառաջելով քաղաքական երկպառակիչ կեցուածքներու ստեղծած լարուած մթնոլորտին:
Պլոքը իր այս հաղորդագրութեամբ խստիւ դատապարտեց Ռուէյսի պայթումն ու անոր յաջորդող ապահովական դէպքերը` կոչ ուղղելով ապահովական պատկան կողմերուն քողազերծելու յանցագործները, խոստանալով այս գծով գործակցիլ ապահովական ուժերուն հետ:


