Անիի Մէջ Քաղաքի «Անտեսանելի Խորհութիւնները» Յայտնաբերելու Համար Պեղումներ Սկսած Են

Անիի աւերակները

«Մարմարա» կը հաղորդէ, որ Անիի աւերակներու շրջանին մէջ պեղումներ սկսած են: Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան կողմէ յատկացուած 110 հազար լիրայով կատարուելիք պեղումը պիտի տեւէ շուրջ 45 օր:

Նահանգի մշակոյթի տնօրէն Հաքան Տաղանայ «Անատոլու» լրատու գործակալութեան թղթակիցին յայտնած է, որ Անիի զբօսաշրջական այցելութիւնները վերջերս նոր թափ ստացած են, Ռամատանի արձակուրդէն ետք մեծ թիւով զբօսաշրջիկներ Անի այցելած են:

«Անիի մէջ մինչեւ այսօր չորս կարեւոր պեղումներ կատարուած են, ամէնէն վերջինը` 2010-ին: Այն քառասուն տարիներուն ընթացքին, երբ Կարսը մնացած էր ռուսերու գրաւման տակ, ռուսերը 14 պեղումներ կատարած էին Անիի մէջ եւ պեղում կատարելու պատրուակին տակ յայտնաբերուած պատմական իրեղէնները Մոսկուա տարած էին: Կը պնդուի, որ ռուսերը այդ շրջանէն չորս վակոն լեցուն հնութիւն Ռուսիա տարած են: Մոսկուայի թանգարանին մէջ կը ցուցադրուին այստեղէն տարուած մեծ թիւով հնութիւններ», ըսած է Տողանայ:

Ան յայտնած է, որ իրենք Անիի աւերակները կը նկատեն սառնակոյտ մը, որուն միայն ծովուն վրայի մասը տեսանելի է: «Մեզի համար կարեւորը այն մասն է, որ տակը մնացած է եւ չի տեսնուիր», ըսած է Տողանայ:

Տողանայ նաեւ ըսած է, որ 3-4 պեղումներով կարելի չէ ամբողջ Անին յայտնաբերել: «Աստուծոյ կամքով այս պեղումներուն շնորհիւ անտեսանելի մասերն ալ մէջտեղ պիտի ելլեն, այս պեղումը հաւանաբար պիտի տեւէ 45 օր», նշած է ան:

Միւս կողմէ, սակայն, Կարսի քաղաքապետը նշած է, որ դժբախտաբար Անին քանի մը տարիէ ի վեր լքեալ վիճակ ունի: «Թէեւ մանր-մունր աշխատանքներ կը կատարուին, սակայն այդ գործերուն համար պիւտճէն շատ փոքր է եւ այս կշռոյթով, նոյնիսկ յիսուն տարուան մէջ չենք կրնար Անին ոտքի հանել», ըսած է Տողանայ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )