ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի Քննարկումին Ընթացքին. Դեսպան Նազարեան Խօսեցաւ Սուրիահայութեան Իրավիճակին Մասին
19 օգոստոսին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ տեղի ունեցաւ քննարկում մը` նուիրուած զինեալ տագնապներուն ընթացքին քաղաքացիական բնակչութեան պաշտպանութեան հարցին: Խօսք առնողներուն զգալի մասը անդրադարձաւ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն:
ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ, դեսպան Կարէն Նազարեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ Հայաստանի համար Սուրիոյ մէջ իրավիճակը լոկ նորութիւններու խորագիր չէ, եւ մեծապէս մտահոգիչ են երկրին մէջ վատթարացող մարդասիրական իրավիճակն ու բռնութիւններու աճը: Դեսպան Նազարեան դատապարտեց բնակչութեան նկատմամբ բոլոր տեսակի յարձակումները, առեւանգումները եւ ահաբեկչական գործողութիւնները, որոնց թիրախին մէջ յայտնուած են անմեղ քաղաքացիներ, ներառեալ` երկրին մէջ ապրող փոքրամասնութիւնները` ընդգծելով այն հանգամանքը, թէ ինչպէ՛ս կը վնասուին հայկական եկեղեցիները, եւ ինչպէ՛ս մեծ թիւով հայեր իրենց սուրիացի համաքաղաքացիներուն հետ միասին Հալէպի եւ Դամասկոսի մէջ ծանր իրավիճակի մէջ կը փորձեն գոյատեւել: Դեսպանը աւելցուց նաեւ, որ Հայաստան կը շարունակէ ընդունիլ գաղթականներ` հակառակ անոր որ աւելի քան հարիւր հազար հայեր իրենց կենցաղը կը շարունակեն Սուրիոյ մէջ օրէ օր ուժգնացող բռնութիւններուն եւ մարդկային ճգնաժամին ներքեւ: «Նմանօրինակ իրավիճակներու լուծման համար համոզուած ենք, որ պէտք է հրաժարիլ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի ոտնահարման գծով ընտրովի մօտեցումներէն: Միջազգային հանրութիւնը պէտք է արդիւնաւէտօրէն գործէ մարդասիրական իրաւունքի չափանիշերու պահպանման գծով եւ առաջարկէ, որ կողմերը ձեռնարկեն անհրաժեշտ բոլոր քայլերը մարդասիրական օգնութեան դերակատարներու մուտքը եւ գործունէութիւնը ապահովելու համար», նշեց դեսպան Նազարեան:
Խօսելով առհասարակ զանգուածային սպանութիւններու, ոճիրներու առնչութեամբ պատասխանատուութեան մասին` դեսպան Նազարեան բարձր գնահատեց Ապահովութեան խորհուրդի դերակատարութիւնը անպատժելիութեան վերացման եւ միջազգային մարդասիրական իրաւունքը կոպտօրէն ոտնահարողները պատասխանատուութեան ենթարկելու գործին մէջ: Այս շրջագիծին մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչը խօսեցաւ նաեւ փոխհատուցման մասին եւ անդրադարձաւ տակաւին այս տարուան գարնան Հայաստանի կողմէ նախաձեռնուած ու ՄԱԿևի մարդկային իրաւունքներու խորհուրդին կողմէ ընդունուած «Ցեղասպանութեան կանխարգիլման» բանաձեւին` կարեւոր նկատելով ճշմարտութեան, արդարադատութեան եւ հատուցման խրախուսումը:


