Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցած Նիւ Սաութ Ուէյլզի Պաշտօնատարները Կ՛արհամարհեն Թուրքիոյ Սպառնալիքները

Աւստրալիոյ Նիւ Սաութ Ուէյլզի վարչապետ Պերրի Օ՛Ֆարել արհամարհանքով պատասխանած է Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած աւստրալիացի երեսփոխաններուն 2015-ին Աւստրալիական եւ Նոր զելանտական բանակի օրուան տօնին (ԱՆԶԱՔ) մասնակցիլը արգիլելու Թուրքիոյ սպառնալիքին:

«Արմենփրես» կը հաղորդէ, որ 21 օգոստոսին «Էյ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին պատրաստած հաղորդումին ժամանակ Աւստրալիոյ մէջ Թուրքիոյ գլխաւոր հիւպատոս Կիւլսերեն Քելիք յայտարարած է, որ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը ընդունած վարչապետ Օ՛Ֆարելին եւ Նիւ Սաութ Ուէյլզի այլ երեսփոխաններուն պիտի մերժուի մուտքի արտօնագիրներ տրամադրել` մասնակցելու համար Կալիփոլիի մէջ կատարուելիք ԱՆԶԱՔ-ի տօնին:

Նիւ Սաութ Ուէյլզ նահանգի վարչապետը ի պատասխան յայտարարած է, որ թրքական կառավարութեան արգելքը անընդհատ պիտի յիշեցնէ ազատութեան համար աւստրալիացի զինուորներու պայքարն ու հերոսութիւնը Համաշխարհային Ա. պատերազմի տարիներուն: «Ի՛նչ սարսափելի մեղադրանք գլխաւոր հիւպատոսին կողմէ` ուղղուած ազատութիւններու դէմ, որոնց համար կռուած ենք Կալիփոլիի մէջ», ըստ «Տը Օսթրալիըն» թերթին, լրագրողներուն ըսած է վարչապետը` աւելցնելով, որ ոգեկոչման արարողութեան պիտի նախընտրէր տեսնել Կալիփոլիի վեթերաններու ժառանգորդները, քան` քաղաքական գործիչները:

21 օգոստոսին աւստրալիական «Էյ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանը վաւերագրական ժապաւէն մը պատրաստած էր` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան: 2015-ին կ՛ամբողջանայ 1915-ին զոհուած շուրջ 1.5 միլիոն հայերու եւ Համաշխարհային Ա. պատերազմին ժամանակ Կալիփոլիի մէջ աւստրալիացի զինուորներու մահուան 100-ամեակը: Ինչպէս իւրաքանչիւր տարուան ապրիլին ամբողջ աշխարհի հայութիւնը կ՛ոգեկոչէ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը, այնպէս ալ հազարաւոր աւստրալիացիներ ուխտագնացութիւն կը կազմակերպեն Կալիփոլի` յարգանքի տուրք տալու զոհուած զինուորներու յիշատակին:

«Անոնք համակարգուած կերպով պարզապէս բնաջնջած են ժողովուրդը` համայնք առ համայնք, գիւղ առ գիւղ: Հետաքրքրական է, որ երբ Ատոլֆ Հիթլեր կը ծրագրէր հրեաներու ցեղասպանութիւնը եւ որոշ հարցեր ծագած էին, ան պատասխանած էր. «Մի՛ անհանգստանաք, ո՞վ կը յիշէ հայերու ցեղասպանութիւնը», հաղորդման ժամանակ նշած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը վերահաստատող հռչակագիրի հեղինակ Ֆրետերիք Նայլ:

Նիւ Սաութ Ուէյլզի խորհրդարանի ստորին եւ վերին պալատները մայիսին որդեգրած էին Օսմանեան կառավարութեան կողմէ կազմակերպուած եւ իրականացուած` յոյներու եւ ասորիներու ցեղասպանութիւնները ճանչցող եւ Հայոց ցեղասպանութեան ընդունումը վերահաստատող բանաձեւը: Թուրքիան կը պնդէ, որ փաստաթուղթը չի համապատասխաներ պատմական փաստերուն: Բանաձեւին որդեգրման յաջորդած էր Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարի յայտարարութիւնը, որ կ՛արգիլէր աւստրալիացի քաղաքական գործիչներուն մասնակցիլ Թուրքիոյ Կալիփոլի թերակղզիին մէջ 2015-ի ԱՆԶԱՔ-ի յիշատակի ձեռնարկներուն:

«Մենք կը յայտարարենք, որ պիտի չներենք անոնց, որոնք կանգնած են այդ որոշումին ետին, թէ մենք չենք ուզեր զանոնք այլեւս Չանաքքալէի մէջ տեսնել», «Էյ.Պի.Սի.»-ին նշած է Կալիփոլիի համայնքի ղեկավարը:

«Ես սրտի կաթուած պիտի չստանամ, եթէ չկարենամ այդտեղ երթալ, սակայն, կը կարծեմ, որ անազնիւ է ընդհանուր արգելք հաստատել Նիւ Սաութ Ուէյլզի խորհրդարանի բոլոր անդամներուն դէմ», սպառնալիքին պատասխանած է Ֆրետ Նայլ:

Աւստրալիական պատկերասփիւռի կայանին պատրաստած շարժանկարին մէջ ելոյթ ունեցած է նաեւ մեծ ճանաչում վայելող անուանի ցեղասպանագէտ Քոլին Թաթց, որ հաստատած է. «Աշխարհի տարբեր վայրերէն հաւաքուած վճռորոշ գիտական ապացոյցներ կան, որոնք ցոյց կու տան, թէ 1915-1922 թուականներուն հայերուն, Պոնտոսի յոյներուն եւ ասորիներուն հետ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները ցեղասպանութիւն են, որուն պատճառով բնաջնջուած է այդ ժողովուրդներուն կէսը»:

Աւստրալիոյ Հայ դատի մարմինը շնորհակալութիւն յայտնած է «Էյ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին` հաղորդումը պատրաստելու եւ պատմական փաստերը ընդգծելուն համար:

Share this Article
CATEGORIES