Անգարայի Մէջ Բրիտանիոյ Դեսպանը Հայկական Եկեղեցի Այցելած Է

Տէյվիտ Ռետտաուէյ

Ան քանի մը կրօնական կեդրոններ այցելելէ ետք, ուղեւորուած է Կեսարիա, մոմ վառած հայկական եկեղեցւոյ մէջ եւ նուիրատուութիւն կատարած եկեղեցւոյ հիմնադրամին:

Դեսպանը յիշեցուցած է, որ ժամանակին հայերուն եւ թուրքերուն միջեւ պատմական եւ գեղեցիկ միասնութիւն եղած է, եւ այդ շինութիւնները անցեալի ապացոյցներն են:

Բրիտանացի դիւանագէտը նշած է, որ երկու ժողովուրդներուն պատմութեան ընթացքին յառաջացած են որոշ դժուարութիւններ, զորս կարելի է լուծել, եթէ երկու երկիրներուն միջեւ հանդիպումներ տեղի ունենան:

Հայկական եկեղեցի այցելելէ ետք, դեսպանը նաեւ որոշ մզկիթներ այցելած է:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )