Այսօր Պիտի Նշուի Արցախեան Ազատամարտի Հերոս Հրաչ Մուրադեանի 50-ամեակը

Պռօշեանի գիւղապետ, արցախեան ազատամարտի հերոս Հրաչ Մուրադեան 23 օգոստոսին կը դառնար 50 տարեկան, եթէ 2 ապրիլին չսպաննուէր արձակուած դաւադիր գնդակէն:

«Մարտական խաչ» երկրորդ աստիճանի շքանշանակիր հերոսի ծննդեան 50-ամեայ տարեդարձը, սակայն, արդէն առանց Հրաչին պիտի կատարուի: Յիշատակի արարողութիւնը պիտի սկսի կէսօրին` Պռօշեանի գիւղապետարանին մօտէն, ուրկէ Մուրադեանի յիշատակը յարգողները պիտի քալեն դէպի գիւղի պանթէոն, ուր ամփոփուած են նաեւ Հրաչի մարտական ընկերներուն աճիւնները:

1989-էն ի վեր ան այն հարիւր քաջերուն մէջն էր, որոնք միայն Պռօշեան համայնքէն անդամագրուեցան արցախեան պայքարին մասնակցելու: Պետրոս Ղեւոնդեանի հետ ան անցաւ պայքարի բոլոր ճակատներէն` Շահումեանէն մինչեւ Ֆիզուլի:

Հրաչ Մուրադեան 1990 թուականէն Դաշնակցութեան անդամ էր: Անոր ընկերներէն շատերը զոհուեցան ազատամարտի ընթացքին` թշնամիի գնդակէն: Այդ նոյն գնդակը խնայեց զինք պատերազմի դաշտին մէջ, բայց արդէն 2 ապրիլի առաւօտեան արձակուած ոչ նուազ թշնամական փամփուշտը չխնայեց խիզախ ազատամարտիկին, գործունեայ ղեկավարին եւ պարզապէս հիանալի մարդուն կեանքը:

«Մեր երկրի կառուցման համար համար պէտք է ոչինչ խնայենք, պետական մտածելակերպ դրսեւորենք եւ լաւ հայ ըլլալու պատուոյն արժանանանք: Փոքր ազգ ըլլալու հանգամանքը մեզի աւելի պիտի պարտադրէ ըլլալ հայրենասէր, ազգասէր եւ միասնական», կ՛ըսէր Պռօշեանի գիւղապետը:

Հերոսի ծննդեան յիշատակի արարողութիւնը նախաձեռնած է «Հրաչ Մուրադեան-արդարութեան պահանջ» հասարակական շարժումը, որ համախմբած է բազմաթիւ կազմակերպութիւններ, իրաւաբաններ, փաստաբաններ: Անոնք վերջերս յայտարարեցին, որ ամէն ինչ պիտի ընեն` բացայայտելու համար Հրաչ Մուրադեանի սպանութեան դրդապատճառները եւ պատասխանատուութեան ենթարկելու իսկական մեղաւորները:

Հրաչ Մուրադեանի սպանութեան գործով տուժողի իրաւայաջորդի ներկայացուցիչ, փաստաբան Մելանիա Առուստամեան` սպանութեան գործի նիւթերուն ծանօթանալով, յայտարարած էր, որ այդ սպանութիւնը Հրաչ Մուրադեանի գոյքի, անձի, անոր մերձաւորներուն դէմ ուղղուած դիտաւորեալ ոճիրներուն վերջին օղակն էր:

Հրաչ Մուրադեանի սպանութեան փաստով յարուցուած քրէական գործին շրջագիծին մէջ ձերբակալուած են նոյն համայնքի բնակիչներ Արտակ Պետրոսեան եւ Արայիկ Պետրոսեան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )