Ֆիլիփեան Կղզիներու Դեսպանը Իր Հաւատարմագիրները Յանձնեց Նալբանդեանին
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան երէկ ընդունեց Հայաստանի մէջ Ֆիլիփեան կղզիներու նոր նշանակուած դեսպան Ալեխանտրօ Մոսքերան (նստավայրը` Մոսկուա)` հաւատարմագիրներու պատճէնի յանձնումին առիթով:
Շնորհաւորելով դեսպան Մոսքերան իր նշանակման առիթով` նախարար Նալբանդեան նշեց, որ Հայաստան կարեւոր կը նկատէ Հարաւարեւելեան Ասիոյ յառաջատար պետութիւններէն մէկը հանդիսացող Ֆիլիփեան կղզիներուն հետ յարաբերութիւններու զարգացումը: Արտաքին գործոց նախարարը աւելցուց, որ ջերմութեամբ կը յիշէ նախորդ տարի Մանիլա կատարած իր պաշտօնական այցելութեան ընթացքին նախագահ Պենինիօ Աքինոյի եւ արտաքին գործոց նախարար Ալպերթ Տել Ռոսարիոյի հետ հանդիպումները: Էդուարդ Նալբանդեան յոյս յայտնեց, որ նոր նշանակուած դեսպանը ջանքեր պիտի գործադրէ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման` իրաւապայմանագրային դաշտի ընդլայնման, առեւտրական-տնտեսական համագործակցութեան խթանման եւ մշակութային կապերու խորացման ուղղութեամբ:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար` դեսպան Մոսքերա նշեց, որ հակառակ երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող հեռաւորութեան, ան իր առաքելութեան ընթացքին իր կարելի նպաստը պիտի բերէ հայ-ֆիլիփինեան փոխադարձ գործակցութեան ընդլայնման եւ խորացման գործին մէջ:
Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները քննարկեցին երկկողմանի յարաբերութիւններուն եւ միջազգային օրակարգին վերաբերող շարք մը հարցեր: