Ռամիրես Հրաւիրուեցաւ Պրազիլի Ֆութպոլի Խումբ
Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Լուիս Ֆելիփէ Սքոլարի ազգային խումբ հրաւիրեց միջնապահ Ռամիրեսը` յառաջիկայ ամիս Աւստրալիոյ եւ Փորթուգալի դէմ տեղի ունենալիք ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումներուն համար:
Չելսիի մարզիկը դուրս մնացած էր Միջցամաքամասային ֆութպոլի մրցաշարքին մասնակցած Պրազիլի կազմէն` նկատի ունենալով, որ Սքոլարի ուզած էր դաշտ ներկայացնել երկու յետսապահ-միջնապահ դիրքի վրայ խաղացող մարզիկներ:
Սքոլարի նկատի առաւ նաեւ յետսապահ Մայքոնը, որ 2010-ի Մոնտիալէն ետք չէր տեսնուած:
Նշենք, որ 7 սեպտեմբերին Աւստրալիա Պրազիլիոյ մէջ հիւրը պիտի ըլլայ Պրազիլի, իսկ այս մրցումէն երեք օր ետք Պրազիլ պիտի մրցի Փորթուգալի դէմ` Պոսթընի մէջ:
CATEGORIES Մարզական


