Մէյ Խալիլ Այցելեց Կարգ Մը Քաղաքապետերու
Ինչպէս ծանօթ է, կիրակի, 10 նոյեմբեր 2013-ին տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի կեդրոնական դրամատուն-Պէյրութի 2013-ի մարաթոնը` «Վազե՛նք Լիբանանի համար» անուան տակ:
Այս իրականութենէն մեկնելով եւ տարբեր քաղաքապետութիւններու հետ գործակցութեան շուրջ զրուցելու իմաստով, Պէյրութի մարաթոնի միութեան նախագահ Մէյ Խալիլ` ընկերակցութեամբ միութեան փոխնախագահ, հանգստեան կոչուած զօրավար Հասսան Ռըսթոմի, այցելեց Ժըտէյտէ – Պաուշրիէ – Սատ եւ Ֆըրն – Շըպպեք – Այն Ռըմմանէ շրջաններու քաղաքապետերուն` Անթուան Ժպարայի եւ Ռեմոն Սըմաանի:
Ժպարա եւ Սըմաան դրուատիքով արտայայտուեցան եւ քաջալերեցին մարաթոնի տարած աշխատանքը:
Իր կարգին, Խալիլ շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքապետերուն` մարաթոնին նկատմամբ անոնց ցուցաբերած նախանձախնդրութեան համար:
CATEGORIES Մարզական


