«Եուրոփա Լիկ». Արզումանեանի Կազմը Պարտուեցաւ
Երէկ գիշեր տեղի ունեցան «Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի երթի բազմաթիւ մրցումներ:
Ղազախստան Աքթոպէ խումբը, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Տինամօ Քիեւը, 3-2 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց անկէ:
Աքթոփէի կողմէ մրցումին 90 վայրկեանը դաշտ ներկայացաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին կեդրոնի յետսապահ Ռոպերթ Արզումանեան: Անոր փոխանցումէն ետք է, որ անոր կազմը յաջողեցաւ արդիւնքը վերածել 3-2-ի:
Կը կարծուի, որ դարձի մրցումին Աքթոպէ դժուարութիւններ պիտի դիմագրաւէ Ուքրանիոյ մէջ:
CATEGORIES Մարզական

