«Չեմփիընզ Լիկ». Արսենալ Յաղթեց` Ֆեներպահչէի Դաշտին Վրայ

Հակառակ անոր որ Արսենալ Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի նոր տարեշրջանը սկսաւ պարտութեամբ (3-1` Ասթոն Վիլայէն), սակայն անիկա յաջողեցաւ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքին 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրել Թուրքիոյ մէջ` պարտութեան մատնելով դաշտին տէրը` Ֆեներպահչէն:

Արսենալի արձանագրած այս յաղթանակը եղաւ բաւական կարեւոր, որովհետեւ տարեշրջանի սկիզբէն մարզիչ Արսեն Վենկերի վրայ ճնշում կար, իսկ երկրորդ` 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով անիկա կարեւոր քայլ մը առաւ յաջորդաբար 16-րդ անգամ ըլլալով խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող այս մրցաշարքին մասնակցելու (շրջանցելով զտումի մրցումները):

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )