Ճատրակ. Զաւէն Անդրէասեան Մտքի Խաղերու Ողիմպիականի Արագ Ճատրակի Մրցաշարքի Յաղթող
Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջը (armchess.am) կը հաղորդէ, որ հայրենի կրանտմասթըր Զաւէն Անդրէասեան տիրացաւ մտքի խաղերու ողիմպիականի արագ ճատրակի մրցաշարքի տիտղոսին, որ տեղի ունեցաւ Ճափոնի մայրաքաղաք Թոքիոյի մէջ:
Ան առաւելագոյն 9 կէտէն ապահովեց 7 կէտ: Նոյն արդիւնքը արձանագրեց նաեւ այլ կրանտմասթըր մը` Էհսան Ղանեմ Մաղամի (Իրան): Սակայն թայ-պրէյքի Արմակետոնի փլէյ-օֆի մրցումին յաղթական դուրս եկաւ Անդրէասեան:
Ֆրանսահայ կրանտմասթըր Տիգրան Ղարամեան, որ վերոնշեալ երկուքէն միայն կէս կէտով ետ մնաց, գրաւեց երրորդ դիրքը:
Ինչ կը վերաբերի նոյն մրցաշարքին կայծակնային ճատրակին, Անդրէասեան առաւելագոյն 18 կէտէն 13,5 կէտ ապահովելով գրաւեց երկրորդ դիրքը: Տիտղոսին տիրացաւ Վիթալի Կոլոտ (Իսրայէլ), որ ապահովեց 14,5 կէտ:
CATEGORIES Մարզական