27-29 Օգոստոս. Լիբանանի Աթլեթիզմի Խմբային Ախոյեանութեան Մրցումները

Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը հաղորդէ, որ 27-29 օգոստոսին Ժամհուր վարժարանին մէջ տեղի պիտի ունենան Լիբանանի աթլեթիզմի խմբային ախոյեանութեան մրցումները:

Բոլոր մրցումները տեղի պիտի ունենան Ժամհուր վարժարանին մէջ, բացի գունդ նետելու (տղաք եւ աղջիկներ) եւ 5 քմ քալելու (տղաք) մրցումներէն, որոնք տեղի պիտի ունենան Ռաֆիք Հարիրիի անուան համալսարանին մէջ (Հատաթ):

Այս ախոյեանութեան գծով մանրամասնութիւններ քննարկելու եւ անիկա լաւապէս կայացնելու համար Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնը այսօր` ուրբաթ, 23 օգոստոսին, յետմիջօրէի ժամը 15:00-ին, Տըքուանէի իր կեդրոնատեղիին մէջ պիտի գումարէ ժողով մը:

Share this Article
CATEGORIES