Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Վստահութիւնը եւ անտարբերութիւնը իրարու հետ մի՛ շփոթէք: Մնացէք բնական ընթացքով` միշտ մտածելով բարիին ազդեցութեան մասին եւ անսալով ձեր խղճի ձայնին:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Առողջութեան հետ կատակ կամ խաղ չ՛ըլլար: Նախատեսուածին վրայ մի՛ կասկածիք, առաջքը առէք նոյնիսկ թեթեւ անհանգստութեան մը:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Եթէ տօնական օր մը կազմակերպէք, կամ եթէ դուք հրաւիրուիք խնճոյքի մը, եղէք չափաւոր, առանց յաւելեալ կերուխումի ելէք սեղանէն:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Կարիքը ունիք ձեր շրջապատին քաջալերանքին, կը կարծէք, որ ձեր աշխատանքները հարկ եղածին պէս գոհացում չեն տար, կ՛ուզէք, որ արդար կեցուածքով արտայայտուին: Շուտով կրնաք գոհացում ունենալ:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ընտանեկան մթնոլորտի մէջ պիտի անցնի ձեր օրը: Հոն պիտի գտնէք սիրալիր մթնոլորտ, իրարու օգնելու հաճելի կեցուածք: Օրը բախտաբեր է:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Պէտք է ուշադրութիւն ընէք ձեր ծախսերուն, որպէսզի գումարը չբարդուի եւ դժուարութիւն չունենաք` պարտական մնալով ոեւէ մէկուն: Խնայասէր եղէք:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Վէճ մը կրնայ ձեր շուրջը ստեղծել լարուած մթնոլորտ: Թեթեւի առէք հարցը եւ մի՛ պարտադրէք ձեր կարծիքը: Վերջին խօսողը մի՛ ըլլաք:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Յոգնած էք, հետեւաբար պէտք է հանգստանաք: Յաւելեալ գործեր մի՛ կուտակէք ձեր ունեցած պարտականութեանց վրայ: Պահեցէք ձեր առողջութիւնը:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ուշադիր եղէք ձեր ֆիզիքական բարելաւման: Կերէք թեթեւ ճաշեր եւ անօգուտ խմիչք մի՛ խմէք: Հեռու մնացէք անուշեղէններէ, որքան որ կրնաք:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Արձակուրդի ձեր օրերը վերջ գտած ըլլալով` անհամ տրամադրութեամբ պիտի վերադառնաք աշխատանքի: Այսուհանդերձ, պիտի վարժուիք գործելու:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ընտանեկան մանր մունր խնդիրներով մի՛ զբաղիք, հեռու մնացէք վէճերէ: Նախընտրեցէք բնութիւնը, որ կենսատու է եւ բարերար ազդեցութիւն ունի:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Այսօր ձեր ժամանակը տրամադրեցէք ձեր ընտանիքին եւ բնակարանին մաքրութեան կարգադրութեան: Աւարտին շատ գոհ պիտի մնաք, թէ կատարած էք լաւ եւ օգտակար աշխատանք:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )