50 Տարի Առաջ (24 Օգոստոս 1963)

Խմբագրական

Լիբանանի Վերելքը

Երէկ թարգմանաբար եւ արդար հպարտութեամբ հրատարկեցինք այն շահեկան յօդուածը, որ լոյս տեսած է «ԺԷՕՆ ԱՖՐԻՔ» շաբաթաթերթին մէջ` «Լիբանան` Միջին Արեւելքի Զուիցերիան» խորագրին ներքեւ:

Նոյնութեամբ պահեցինք նաեւ խորագիրը, տրուած ըլլալով, որ մեր երկրին դիմագիծը, իր բազմաթիւ երեսներով ներկայացնելու համար, ատկէ աւելի արտայայտիչ բացատրութիւն կարելի չէ գտնել:

Յօդուածագիրը, որ հմուտ կը թուի ըլլալ տնտեսական ու ելեւմտական հարցերու, կատարած է կարգ մը մատնանշումներ եւ հաստատումներ, որոնք թէեւ բազմիցս կրկնուած են լիբանանցի ղեկավարներու կողմէ, բայց օտարներու գրչին տակ մասնաւոր իմաստ եւ վաւերականութիւն կը ստանան, բոլորովին առարկայական մօտեցումի մը կնիքով:

Իբրեւ առաջին հաստատում` շաբաթաթերթը կը յայտնէ, թէ` «քաղաքական յարատեւ բորբոքումի մէջ եղող հրաբուխի մը վրայ, որ Միջին Արեւելք կը կոչուի, Լիբանան կու տայ վկայութիւնը աչքառու կայունութեան մը եւ մանաւանդ` արտակարգ բարգաւաճումի մը: Չի տառապիր ո՛չ տնտեսական լճացումէ եւ ո՛չ ալ դրամաշատութենէ»:

Օտար յօդուածագիրը այս հաստատումը կը կատարէ` առանց փնտռելու պատճառները: Առանց երկար ծանրանալու այն իմաստուն եւ հեռատես քաղաքականութեան վրայ, որ լիբանանցի վարիչներունն է` այս գեղեցիկ երկիրը զարգացման բարձր աստիճանի մը հասցնելու իրենց ցանկութեան մէջ: Ճիշդ է, կու տայ ազդակները այն տնտեսական բարգաւաճման, որ արտածումներով աղքատ, բայց ներածումներու տեսակէտէն հարուստ այս երկրին տարօրինակ, որ առեւտրական նկատառելի բացի մը դիմաց` շահաւոր հաշուեկշիռ մը ցոյց կու տայ:

Ինչ որ բացակայ է այլապէս դրուատալի այդ յօդուածէն, մարդկային ազդակն է, որ այս պարագային խոշոր դեր կը խաղայ, չըսելու համար` հիմնական:

Արդարեւ, անկախութենէն ի վեր, մանաւանդ վերջին տարիներուն, շնորհիւ Լիբանանի նախագահ զօրավար Ֆուատ Շեհապի իմաստուն քաղաքականութեան` Լիբանան տնտեսական եւ ելեւմտական գետնի վրայ կ՛արձանագրէ այնպիսի նուաճումներ, որոնք նախանձը կը գրգռեն բազմաթիւ այլ երկիրներու:

Հանրային մարզի մէջ որոշ թերացումներ անշուշտ լայնօրէն կը հատուցուին անհատական գետնի վրայ` լիբանանցի առեւտրականներու ձեռներէցութեան շնորհիւ: Բայց պետութիւնը, շնորհիւ իր ազատական քաղաքականութեան, յատկապէս տնտեսական մարզին մէջ, կը քաջալերէ անձնական նախաձեռնութիւնները, որոնք այս երկրին մղիչ ուժը կը հանդիսանան:

Լիբանանի աշխարհագրական դիրքը անշուշտ մեծապէս կը նպաստէ այս բարգաւաճման: Պէյրութի նաւահանգիստը Արեւելքի կարեւոր դռներէն մէկն է` բացուած արեւմտեան աշխարհին առջեւ: Բայց այդ բոլորը իրականութիւն դարձած են, որովհետեւ Լիբանանի ղեկավարները գիտցած են առաւելագոյն չափով օգտուիլ աշխարհագրական դիրքի ընծայած բարիքներէն: Գլխաւորաբար քաղաքական մարզի մէջ Լիբանանի վարած խոհեմ եւ չափաւոր քաղաքականութիւնը, որ լաւապէս հասկցուած է դրացի եւ բարեկամ երկիրներու կողմէ, մեծ դեր կը խաղայ այս կացութեան մէջ:

Քաղաքական մարզի մէջ արձանագրուած յաջողութիւնները իրենց նպաստաւոր անդրադարձները կ՛ունենան տնտեսական գետնի վրայ` Լիբանանին ընծայելով առանձնայատուկ եւ բացառիկ դիրք մը, որմէ առաւելագոյն չափով կ՛օգտուին իր բոլոր զաւակները:

Քիչ մը աւելի ճիգ եւ համակարգուած աշխատանք` ու այս երկիը, կասկած չկայ, թէ շատ աւելի իրաւամբ կրնայ արդարացնել «Միջին Արեւելքի Զուիցերիան» կոչումը, որուն կ՛արժանանայ հանրային վարչութիւններու եւ քաղաքացիներու ներդաշնակ գործակցութեամբ:

 

Տոմսեր

Մեր Լեզուագէտները Բան Չեն Հասկնար…

 (Սխալագրութիւններու Գաղտնիքը Լուծուեցա՜ւ)

«Լեզուական հարց» անուն կնճիռ մը կայ, որ պարբերաբար կը փոթորկէ մեր թերթերը: Յանկարծ, անակնկալ ուրականի մը նման, բանավէճ մը կը պայթի` կեդրոն ունենալով… Է տառը, ուրիշ առթիւ` Դ տառը, կամ` որեւէ տառ կամ բառ, որ սխալ կը գրուի, ըստ մէկ կամ միւս կողմին:

Այս բանավէճերը ընդհանրապէս կը վերջանան… ի վնաս վիճող կողմերուն, որոնք կամ «դաւաճան» կը հռչակուին, կամ «տգէտ», եւ կամ առնուազն… անպէտ հայագէտ: Իսկ սխալագրութիւնը կը շարունակուի խաղա՜ղ ու անվրդո՜վ, մի՛շտ սխալ ճամբէն…

Բարեբախտաբար սխալներու մարզին մէջ առանձին չենք մենք: Ուրիշներ, օտարնե՜ր ալ կը հետեւին մեզի…

«Քրիսչըն Սայընս Մոնիթըր», անցեալ օր խստիւ կը բողոքէր կարգ մը ծանուցումներու գործակալութեանց դէմ, որոնք «անգլերէնի սխալագրութիւնը… «ապրանք ծախելու համար նպաստաւո՜ր գտած են»:

Բարեբա՜խտ է Ամերիկան, որ միայն… սիկարեթ կամ օճառ գնելու ատեն սխալ անգլերէնի կը հանդիպի: Հայ կեանքին մէջ… ինչե՜ր կը ծախուին` սխալներու հաւաքածոյ եւ լաբիւրինթոսային հայերէնով մը:

Խորհրդային Հայաստանի մէջ տարինե՜ր առաջ հաստատած են, թէ մարքսիզմ-լենինիզմ ծախելու միակ միջոցը հայերէնը խայտառակելն է: Շնորհքով հայերէնով մը այդ անշնորհ վարդապետութիւնը պիտի դառնար առաւե՛լ հասկնալի եւ բնականաբար… ատելի: «Չհասկցուած հայերէն մը խորհրդաւորութի՜ւն… խորհրդայնութի՜ւն կը ներշնչէ», եզրակացուցած են, ապահովաբար, Երեւանի վարիչները:

Այս մասին մանրամասնութիւններ խնդրեցի արտասահմանեան հայ կեանքի մասնագէտէ մը, որ պատասխանեց.

– Ամէն սխալագիր պատճառ մը ունի «ինքնազարգացման»: Ոմանք պարզապէս լուր չունին իրենց սեփական լեզուէն եւ իրենց խօսածը թէ գրածը չեն գիտեր: Այսպիսներուն համար Է-ի եւ Ե-ի խնդիրը այլեւս ի՞նչ կարեւորութիւն ունի:

Ռամկավարները սխալ կը գրեն` հաստատելու համար իրենց հակառակութիւնը… Դաշնակցութեան քաղաքականութեան, որովհետեւ այս վերջինները հայերէնի ուղղագրութի՜ւնը կը պաշտպանեն…

Իսկ «յառաջդիմական»-ները սխալ կը գրեն, յանուն «հայաստանասիրութեա՜ն»: Անոնք նոյնիսկ «արեւելահայերէ՜ն» ալ սկսած են գրել` փաստելու համար, թէ իրենց խելքը միտքը հոս չէ՜, հո՛ն է, թէեւ կը նախընտրեն ԱՅՍՏԵՂԷ՜Ն օգտակա՛ր ըլլալ հայրենիքին, սխալ… խօսքով եւ գործով:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )