Տաք Ամառներ

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Արդեօք նշմարա՞ծ էք, թէ ինչպէ՞ս մեզի կը թուի, թէ ամէն ամառ օդը նախորդ տարիէն աւելի տաք կ՛ընէ: Իսկապէս, ըստ Ամերիկեան կլիմայական կեդրոնին, այս յունիսին բազմաթիւ երկիրներու մէջ արձանագրուած են տաքութեան մրցանիշներ:

Ըստ վերջին ուսումնասիրութիւններուն, 2013-ի յունիս ամիսը երկրագունդին վրայ 5-րդ ամէնէն շատ տաք ամիսը եղած է վիճակագրութեան ամբողջ պատմութեան մէջ: Այս տարուան յունիսին մեր մոլորակին վրայ արձանագրուած միջին ջերմաստիճանը 16,14 աստիճան է. ասիկա 0,64 աստիճան աւելի է 20-րդ դարու բոլոր յունիս ամիսներուն միջին ջերմաստիճանէն: Մեզի համար այս թիւը, շատ չնչին կը թուի, սակայն, մասնագէտներուն համար ասիկա շատ է:

Այս «բարձր» ջերմաստիճանները արձանագրուեցան յատկապէս` Քանատայի մէջ, Ռուսիոյ արեւմուտքը, Ճափոնի հարաւը, ֆիլիփինի մէջ, Չինաստանի հարաւ-արեւմուտքը եւ Ափրիկէի հարաւը:

Այս երեւոյթը կրնայ ըլլալ ամբողջ մոլորակին կլիմային տաքնալու նշան մը… Սակայն պէտք է յիշել, որ ուրիշ երկիրներ յունիս ամսուն ցուրտի մրցանիշներ արձանագրեցին: Օրինակի համար, Սպանիա նման ցուրտ ամառ մը չէր ունեցած յունիս 1997-էն ի վեր, Անգլիա` 1995-էն ի վեր, իսկ Ֆրանսայի հարաւ-արեւմուտքը` անբնականօրէն սաստիկ անձրեւներ, փոթորիկներ եւ կարկուտի տեղատարափներ: Անձրեւները շատ զօրաւոր եղած են նաեւ Հնդկաստանի մէջ, Միացեալ Նահանգներու կեդրոնը եւ կեդրոնական Եւրոպայի մէջ (Գերմանիա, Աւստրիա, Հունգարիա…)` վտանգաւոր հեղեղներ յառաջացնելով:

Արդեօք յառաջիկայ ամառը ի՞նչ անակնկալներ կը պահէ մեզի համար:

 

Արժէքաւոր Աւազը

Տենիս Տլեսթրաք 44 տարեկան շարժապատկերի բեմադրիչ մըն է: Ան տասնեակ տարիներու իբրեւ լրագրող ապրած է Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի մէջ: 2000 թուականին ան սկսած է վաւերական ժապաւէններ պատրաստել պատկերասփիւռի եւ մեծ պաստառի համար:

* * *

Ձմրան կիրակի առտու մը ան կը քալէր Պարսելոնայի ծովափին վրայ, Սպանիա, ուր բաւական ժամանակ կ՛անցընէ ան: Սովորաբար այդ ծովափը շատ ընդարձակ եւ աւազոտ է: Սակայն այդ առտու այդ ծովափը գրեթէ ամբողջովին անհետացած էր: Ան ինքն իրեն հարց կու տայ, թէ այդ ծովափը ո՞ւր գացած կրնայ ըլլալ:

Հետեւաբար ան սկսած է փնտռտուքներ ընել եւ անդրադարձած է, թէ ջուրէն ետք աշխարհի վրայ ամէնէն շատ սպառող նիւթը աւազն է: Կարգ մը ընկերութիւններ իրենց ձեռքը ամբողջովին դրած էին աւազին վրայ, եւ թէ` աւազը անխուսափելիօրէն ներկայ է մեր առօրեայ կեանքին մէջ:

* * *

Այս ձեւով, ան մտածած է վաւերագրական ժապաւէն մը պատրաստել այս նիւթին մասին` փնտռտուքներ կատարելով 4 ցամաքամասերու վրայ եւ 15 երկիրներու մէջ:

Աւազը անսպառ չէ: Ան նիւթ մըն է, զոր մարդիկ կը ցանկան ունենալ: Անիկա նոյն ատեն ապօրէն առեւտուրի առարկայ է, եւ կարելի է զայն ձրիօրէն առնել: Պարզապէս անոր ձեռնավարումը եւ փոխադրութիւնն են, որոնք դրամի կը կարօտին: Ատկէ ետք, ան շատ սուղ կը ծախուի: Պէտք է մարդիկ անդրադառնան, թէ աւազը իր տեղը եւ կարեւորութիւնը ունի մեր ընկերութեան մէջ եւ պէտք է զայն պաշտպանել ու պահպանել:

* * *

Սակայն արդեօք կա՞ն լուծումներ այլեւս աւազ չգործածելու համար: Կան բազմաթիւ լուծումներ: Կարելի է պզտիկ քայլեր առնել աւազին սպառումը նուազեցնելու համար: Կարելի է վերամշակել ապակին եւ վերադարձնել անոր նախկին վիճակին (որ աւազն է): Կարելի է վերամշակել քարերը, որոնք կը յառաջանան, երբ շէնք մը կը քանդուի, զանոնք տրորել եւ աւազ շինել: Տուները անպայման պեթոնով չշինել եւ զայն փոխարինել յարդով պամպույով, կամ` ուրիշ նիւթերով…

* * *

Մարդուն կապը աւազին հետ շատ զօրաւոր է: Ինչպէս մարդ արարածը ջուրին մօտ ինքզինք աւելի լաւ կը զգայ, հոն, ուր աւազ կայ, ան նոյնպէս լաւ կը զգայ, կ՛ուզէ կօշիկները հանել եւ ոտքերը մխրճել աւազին մէջ, վրան նստիլ եւ մոռնալ առօրեայ հոգերը: Ճիշդ այս պատճառով ալ մարդիկ կը սիրեն ծով երթալ: Հետեւաբար ծովափներուն անհետացումը շատ հաճելի երեւոյթ մը չէ:

Գիտէի՞ք, թէ մեր մոլորակին ծովափներուն երեք քառորդը սկսած են կծկուիլ: Ամէնէն լաւ ձեւը այդ աւազը ձգելն է ծովափներուն վրայ եւ ծովերուն խորերը: Բնութիւնը զայն հոն զետեղած է, եւ այդ ձեւով ան հոն պաշտօն մը ունի: Աւազը պարզապէս մեր անձեռոցները վրան դնելու համար չէ, որ գոյութիւն ունի: Ան իր տեղը ունի նաեւ աշխարհի երկրաբանական (գետնին վերաբերեալ) եւ կենսաբանական (ապրող էակներու վերաբերեալ) գործունէութեան մէջ:

Հետեւաբար ամէնէն լաւ ձեւը աւազը իր տեղը ձգելն է եւ ուրիշ լուծումներ գտնելն է մեր քաղաքները շինելու համար:

 

Խաղանք

Խեչափառներու Խաղը

Այս խաղը կրնաս խաղալ ուղղակիօրէն ծովափի աւազին վրայ` իսկական խիճեր եւ խեցիի տեսակներ գործածելով. առանց մոռնալու գլխուդ գլխարկ մը դնելու եւ շապիկ մը հագուելու. կամ տունը` զայն գծելով խաւաքարտի կտորի մը վրայ եւ խեչափառներն ու աստղերը գծելով քարտերու վրայ:

Պատրաստութիւն

Ծովափին, աւազին վրայ կամ տունը խաւաքարտի մը վրայ փայտիկի կտորով մը կամ մատիտով մը գծէ խաղին շրջանակները եւ բաժանմունքները: Խաղին կեդրոնը դիր նոյն տեսակի եօթը խեցիներ (կրնաս, օրինակի համար, կոճակներ գործածել): Ապա իւրաքանչիւր տուփիկի մէջ դիր մէկ, երկու, երեք կամ չորս խիճեր (կրնաս) օրինակի համար, չոր բակլայի հատիկներ գործածել):

Իւրաքանչիւր խեչափառ զետեղէ երկու քար պարունակող տուփիկի առջեւ:

Խաղանք

Խաղին նպատակն է ամէնէն շատ թիւով խեցիներ հաւաքել: Այս խաղը կը խաղցուի երկու հոգիով:

– Իւրաքանչիւրը իր կարգին որեւէ մէկ խեչափառ կը տեղափոխէ կլորակին շուրջ դէպի ձախ կամ դէպի աջ, ըստ իր առջեւի տուփկին մէջի քարերու թիւին:

– Օրինակի համար` խեչափառ մը կը գտնուի 2 քար պարունակող տուփիկի մը առջեւ: Խաղցողը խեչափառը կրնայ դէպի աջ կամ դէպի ձախ երկու տուփիկ շարժել իր խեչափառը: Ուշադրութի՛ւն. երկու խեչափառներ չեն կրնար նոյն տուփիկին վրայ գտնուիլ:

– Երբ խեչափառ մը կը հասնի աստղ պարունակող տուփիկի մը վրայ, ան կեդրոնի խեցիներէն մէկը կ՛առնէ եւ քովը կը պահէ:

– Խաղը կը վերջանայ, երբ կեդրոնը այլեւս խեցի չի մնար: Կը յաղթէ այն խաղցողը, որ ամէնէն մեծ թիւով խեցիներ հաւաքած է:

 

Մտածենք

Նունուֆարները

Լճակի մը մէջ կը բուսնին նունուֆարներ: Առաջին օրը պարտիզպանը կը տեսնէ մէկ նունուֆար, երկրորդ օրը` երկու նունուֆար, երրորդ օրը` չորս նունուֆար, նունուֆարներուն թիւը ամէն օր կը կրկնապատկուի:

50 օր ետք լճակին կէսը ծածկուած է նունուֆարներով:

Քանի՞ օր ետք լճակը ամբողջովին պիտի ծածկուի նունուֆարներով:

Պատասխանը վերջաւորութեան

 

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող տասը տարբերութիւնները:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած ութ ոսկորները:

Կրնա՞ս գտնել ոսկորին հասցնող ճամբան:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Պատասխան

51 օր, որովհետեւ միշտ նունուֆարներուն թիւը կը կրկնապատկուի, հետեւաբար մէկ օրէն այդ թիւը պիտի կրկնապատկուի ծածկելով ամբողջ լճակը:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )