50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (8 ՅՈՒՆԻՍ 1961)

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ

«ՎԱՂԸ ՆՈՐԻՑ ԱՐԵՒ ԿԸ ԾԱԳԻ»

(ՄԱՅԻՍ 28-Ի ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ ԵՏՔ)

Սփիւռքի ամբողջ տարածքին վրայ մեր ժողովուրդի ազատատենչ զանգուածները անցնող քանի մը օրերու ընթացքին շքեղ հանդիսութիւններով տօնեցին Հայաստանի անկախութեան 43-րդ տարեդարձը:

Լայնարձակ սրահներէն մինչեւ համեստ ակումբները` հաւատաւոր բազմութիւններ եկան հաղորդուելու այն ոգիով, որ մեր անզուգական ժողովուրդինն ու անոր ղեկավարութեանը եղած էր մայիս 28-ին` Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի մէջ:

Գրեթէ բոլոր տօնակատարութիւններու ընթացքին օրուան նախագահներն ու բանախօսները ընդհանրապէս շեշտը դրին մայիս 28-ի պատմական մեծ նշանակութեան վրայ` ընդգծելով հայոց պատմութեան մէջ անոր տեղն ու տարողութիւնը:

Լիբանանէն սկսած մինչեւ Յունաստան, Կիպրոս, Եգիպտոս, Ֆրանսա եւ զոյգ Ամերիկաները` մայիս 28-ի հանդիսութիւնները առիթներ եղան անգամ մը եւս շեշտելու հայութեան հիմնական նպատակները եւ քաղաքական իղձերը, որոնց խտացումը կը գտնենք այն երեք նախապայմաններուն մէջ, որ ՀՅ Դաշնակցութեան ուղեգիծն է` մեր հայրենիքի վերաբերմամբ ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստան:

Մասնաւորաբար Լիբանանի մէջ, գրեթէ բոլոր շրջանները տպաւորիչ հանդիսութիւններով տօնեցին անկախութեան 43-րդ տարեդարձը, հայ ժողովուրդը զանգուածովի  եկաւ լեցնելու բոլոր սրահները` ներշնչուելու համար մայիս 28-ի իտէալով եւ անոր քաղաքական հանգանակով:

Հայաստանի խորհրդայնացման քառասնամեակի տօնակատարութենէն եւ այդ առթիւ, հայ ժողովուրդի ունեցած մեծ յուսախաբութենէն անմիջապէս ետք կատարուած մայիս 28-ի հանդիսութիւնները, լաւագոյն առիթը եղան անգամ մը եւս վերանորոգելու մեր ուխտը, հաւատարմօրէն տէր կանգնելու հայութեան նուիրական դատին եւ անոր քաղաքական իտէալներու իրագործման պայքարին:

Մայիս 28 անաւարտ գեղեցիկ գործի մը սկիզբն է: Մայիս 28-ով, հայ ժողովուրդը պատռեց իր պատմութեան վրայ մշուշուող վեց դարերու մութը եւ լոյսի նոր հորիզոններ բացաւ իր ապագային առջեւ: Այդպէսով մտաւ ճամբու մը մէջ, որմէ ետ դարձ չկայ: Պատմութիւնը թէեւ կը կրկնուի, բայց պատմութեան անիւը ետ չի դառնար: Հայ ժողովուրդը չի կրնար հրաժարիլ մայիս 28-ով իրագործած իր նուաճումներէն եւ աներեր կը դիմէ պատմական իր մեծ առաքելութեան:

Այս ճշմարտութիւնն է, որ աւելի եւս ամրացաւ անկախութեան տարեդարձին առթիւ կազմակերպուած տօնակատարութիւններու ընթացքին եւ ազատատենչ զանգուածներու հոգիին մէջ վերածուեցաւ անկախութեան գաղափարը, որ մարմին առած էր 43 տարիներ առաջ:

Արիւնագիր մուրհակը, որ հայութիւնը անհուն զրկանքներու գնով եւ իր անհամար զաւակներու բոսոր արիւնով խլեց միջազգային դիւանագիտութենէն, կը մնայ անվճար: Բայց մուրհակ ըլլալէ չի դադրիր: Հայ ժողովուրդը կը մնայ պահանջատէրի իր անզիջող դիրքին մէջ, ի՛նչ որ ալ ըլլան քաղաքական ներկայ պայմանները եւ ի՛նչ հաշիւ ալ ունեցած ըլլան մեր հայրենիքը բռնագրաւող օտար իշխանութիւնները:

Ոչ ոք կրնայ ուրանալ ժողովուրդի մը անկախութեան իրաւունքը, մանաւանդ` այս օրերուն, երբ իրար ետեւէ, քաղաքական եւ քաղաքակրթական շատ աւելի ցած մակարդակի վրայ գտնուող ժողովուրդներ իրենց անկախութիւնը կ՛ողջունեն եւ տէր ու տիրական կը կանգնին իրենց ճակատագրին:

Ուշ կամ կանուխ արդարութիւնը պիտի ժպտի այս սքանչելի ժողովուրդին, ու, ինչպէս կ՛ըսէ բանաստեղծը.

– Այսօր մշուշ է մեր լեռներուն վրայ, վաղը նորից արեւ պիտի ծագի:

Share this Article
CATEGORIES